Շարպել. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ազգային Ժողովրդավարական Պարտականութիւն Կը Նկատուին»

Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ իրենք մեծ յոյսեր ունին, որ խորհրդարանը պիտի կարենայ համախոհական ընտրական արդար օրէնք մը գոյացնել` կատարելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները. ան նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ազգային ժողովրդավարական պարտականութիւն կը նկատուին եւ աւելցուց, որ այդ ընտրութիւնները համամասնական օրէնքի հիման վրայ կատարելը նախընտրելի է:

Միւս կողմէ, Շարպել Սուրիոյ դիմագրաւած տագնապին ակնարկելով յայտնեց, որ անիկա կայծակի արագութեամբ կրնայ Լիբանան փոխադրուիլ, եթէ լիբանանցիները իրենց ազգային միասնականութիւնը չպահպանեն եւ չամրապնդեն:

Շարպել յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին հարցով իրենք ուղղակի կապի մէջ են Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգող կողմին հետ` աւելցնելով, որ Թուրքիա լուրջ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ այդ հարցին լուծման առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES