Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Սլէյման եւ Խէյրէտտին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան մէջ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Լիբանան-Սուրիա սահմանային անցքերուն վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ կարգ մը այլ թղթածրարներ:

Պաապտայի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Իմատ Հութ, ինչպէս նաեւ Կանայի լիբանանեան գաղութի նախագահ Սայիտ Ֆախրի, որ շեշտեց, թէ նախագահ Սլէյմանի Կանա կատարած այցելութեան պատճառով տեղւոյն լիբանանեան գաղութին նկատմամբ Կանայի իշխանութիւններուն վստահութիւնը ամրապնդուած է:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ երէկ ընդունեց արաբական երկիրներու մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը յանձնառու մնան «Պաապտայի յայտարարութեան» գործադրութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը հեռու պահել իր շուրջը գտնուող քաոսէն եւ տագնապալի անցուդարձերէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )