Պոկտանով Աւարտեց Լիբանան Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը` Ընդգծելով, Որ Սուրիոյ Տագնապին Լուծման Միակ Միջոցը Ժընեւի Հաղորդագրութիւնն Է
Լիբանանի մէջ կատարած աւելի քան 20 հանդիպումէ ետք, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով երէկ աւարտեց Լիբանան տուած իր պաշտօնական այցելութիւնը` Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսով մը:
Ասուլիսին ընթացքին Պոկտանով դրական գնահատեց Լիբանան կատարած իր եռօրեայ այցելութիւնը եւ ունեցած տարբեր հանդիպումները: Ան նշեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի փոխանցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն նամակ մը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ այլ ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներու հետ իր ունեցած հանդիպումները:
Սէյիտ Նասրալլայի Հետ
Պոկտանով այցելեց նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի:
Ռապիէի Մէջ
Նախքան սէյիտ Նասրալլայի հետ իր ունեցած հանդիպումը, Պոկտանով այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ եւ դարձաւ անոր ընթրիքի հիւրը:
Ռապիէի մէջ ռուս դիւանագէտը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:
Հանդիպումէն ետք Պոկտանով բարձր գնահատեց երեսփոխան Ֆրենժիէի մեծ հօր հետ Մոսկուայի յարաբերութիւնները` գնահատելով լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները ամրապնդելու առումով անոր ջանքերը:
Ան բարձր գնահատեց տեղական եւ շրջանային առումով երեսփոխան Ֆրենժիէի տեսակէտներն ու վերլուծումները եւ շեշտեց, որ Մոսկուա համաձայն է Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու գործածութեան հարցը քննելու առնչութեամբ միջազգային դէտերու չէզոք պատուիրակութիւն մը ուղարկելու:
Վարչապետ Թամմամ Սալամի Մօտ
Նշենք, որ շաբաթ օր Պոկտանով շարունակեց Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումները, որոնց շրջագիծին մէջ էր վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ հանդիպումը:
Սալամի հետ հանդիպումէն ետք Պոկտանով շեշտեց, որ Թամմամ Սալամի անձին շուրջ գոյացած համախոհութիւնը պիտի արտօնէ անոր, որ արագ կերպով յաջողի կազմել կառավարութիւն մը:
Պոկտանով անհրաժեշտ նկատեց «Պաապտայի յայտարարութենէն» անշեղ մնալու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, անկախութիւնը, գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը:
Ան մաղթեց, որ Սալամ կազմէ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր:
Մեհրապի Մէջ
Մեհրապի մէջ Պոկտանով հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Պոկտանով յայտնեց, որ Մոսկուա կտրականապէս կը մերժէ Սուրիոյ սահմանակից երկիրներուն օգտագործումը` սուրիական ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու առումով:
Ան հաստատեց, որ Ռուսիա կը մերժէ լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամտել: Ան շեշտեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու կարեւորութիւնը:
Ժահժահ իր կարգին անհրաժեշտ նկատեց Սուրիոյ տագնապին արագ աւարտը` աւելցնելով, որ այդ տագնապը երկարելու պարագային, անիկա պիտի հասնի Լիբանան, Յորդանան եւ շրջանային այլ երկիրներ:
Մարտ 14-ի Հետ
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն ներկայացուցիչներ` գլխաւորութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, հանդիպում մը ունեցաւ Պոկտանովի հետ:
Հանդիպումէն ետք Պոկտանով շեշտեց Սուրիոյ տագնապը սուրիական ազգային երկխօսութեան ընդմէջէն լուծելու կարեւորութիւնը:
Պոկտանով մտահոգութիւն յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը երկարելու պարագային կրնայ թիւրիմացութիւն պատճառել նաեւ Լիբանանի:
Խալտէի Մէջ
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան իր կարգին ընդունեց Պոկտանովը, որ հանդիպումը նկատեց անկեղծ եւ խորքային:


