«Ընդդիմադիր Քաղաքապետը Հարկադրուած Է Լաւ Աշխատիլ» Կ՛ըսէ Արսէն Համբարձումեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկրի հարցը» հաղորդումի շրջագիծին մէջ նշեց, որ Երեւանի աւագանին իր լիազօրութիւնները չէ կատարած եւ անոր իբրեւ հետեւանք Երեւանի պիւտճէն զգալի վնասներ կրած է:

«Հողերու աճուրդները կատարուած են փակ ընթացակարգով: Փակ աճուրդներով հողերը վաճառուած են», յայտնեց ան: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչը նշեց, որ ըստ վիճակագրական տուեալներու` Երեւանի կենցաղային աղբը ամէն տարի կը կազմէ 200 հազար թոն եւ այս աղբի տեղադրման վճարները զերօ են: «Շատ հետաքրքրական մեքանիզմ աշխատած է: Երեւանի աղբավայրի մասին երկար քննարկումներէն ետք եկան ճափոնական ներդրողներ, այլ մարդիկ, բայց հարցը չլուծուեցաւ, քանի որ ոմանց ձեռնտու է այս վիճակը: Մենք հաշուարկած ենք եւ բազմաթիւ ձեւերով կարելի է բազմակի աւելցնել Երեւանի պիւտճէն», ընդգծեց Համբարձումեան:

Համբարձումեան յայտնեց, որ միջոցները անարդիւնաւէտ ձեւով կը ծախսուին թէ՛ շինարարութեան ու նորոգման, թէ՛ կանաչապատման ծրագիրներով: Համբարձումեան նշեց, որ այս ծառատեսակները կը չորնան եւ անոնք Երեւանի բնակլիմայական պայմաններուն համար լաւ չեն: Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը արդէն կը պատրաստուի ներդնել պիւտճէի կառավարման թափանցիկ, վերահսկող համակարգ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչը յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի ստեղծէ քաղաքապետարանի ոստիկանութիւն, պիտի ձեւաւորէ ընկերային բնակարանային ֆոնտը: Դաշնակցութիւնը նաեւ պիտի անձնագրաւորէ ամբողջ ֆոնտը, քանի որ ատիկա անհրաժեշտ է հասկնալու համար, թէ ի՛նչ միջոցներ ունի իր ձեռքը: «ՀՅԴ-ն նաեւ մտադիր է ստեղծել տարեցներու յատուկ ընկերային կեդրոններ` անոնց ժամանցը, առողջապահական խնդիրները կազմակերպելու համար», նշեց ան: Համբարձումեան աւելցուց, որ կան քանի մը մտադրութիւններ եւս, որոնց համար եւս հաշուարկուած են անհրաժեշտ միջոցները եւ անոնց ձեռքբերման կարելիութիւնները:

«Կ՛ուզեմ փաստարկել, թէ ինչո՛ւ ընդդիմադիր քաղաքապետը աւելի լաւ պիտի աշխատի. ընդդիմադիր քաղաքապետը հարկադրուած է լաւ աշխատիլ, քանի որ նախ ան պիտի ըլլայ իշխանութեան խոշորացոյցին տակ: Երկրորդ` այն ուժերը, որոնք անոր սատարած են, եւս պիտի հսկեն, որ ան լաւ աշխատի: Եւ նաեւ` ինքը շահագրգռուած պիտի ըլլայ լաւ աշխատիլ, քանի որ քննադատելը տարբեր բան է, իսկ այլ բան է սեփական օրինակով ցոյց տալը, որ կարելի է աւելի լաւ կառավարել, աւելի լաւ կատարել այդ գործը», յայտնեց Համբարձումեան:

 

Share this Article
CATEGORIES