Խմբագրական. Նոր Շեշտադրումներ

Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով կազմակերպուած տարաբնոյթ միջոցառումներուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնէր գաղափարախօսական  կարեւոր առանցքային թեմա մը, որ ոչ թէ սոսկ կարգախօսային բնութագիր ունէր, այլ աւելի առաջադրանքային:

Անիկա յստակօրէն կը վերաբերէր ճանաչումի եւ դատապարտումի պահանջատիրական ռազմավարութենէն անցումին դէպի հատուցման իրաւականացում: Այս մէկը ի հարկէ համատարած առաջադրանքի չէ վերածուած տակաւին: Ճիշդ է, որ կարմիր թելը կ՛երեւի տարաբնոյթ միջոցառումներու ընթացքին, այսուհանդերձ չենք կրնար արձանագրել, որ համազգային համախոհութիւնը կայացած է այս ուղղութեամբ:

Զգուշաւոր մօտեցումները հրամայական են: Ներազգային առումով կը զգացուի անհրաժեշտութիւնը գիտակցական հողի  ձեւաւորման, որ կը նպաստէ կանխելու հիասթափութեան դիւրաւ գոյառելի ալիքը: Մէկէ աւելի են այն միտումները, որոնք շրջադարձային փուլ կ՛ակնկալեն հարիւրամեակին առիթով: Հարիւրամեակին բերելիք յատկանշականութիւնը տակաւին պարզ չէ: Այս կապակցութեամբ տեղի ունեցող քննարկումները անպայման համեմատական եզրեր կ՛ուզեն որոնել ցեղասպանութեան յիսնամեակին հետ, որ իրօք ներազգային առումով իրադրային նշանակութիւն ունեցաւ եւ համահայկական նպատակի շուրջ համախմբեց հայութիւնը:

Պայմաններու եւ հանգամանքներու տարողունակութիւններու տարբերութիւնները ճիշդ գնահատելը օգտակար կ՛ըլլայ այս պարագային: Հարիւրամեակը ի վերջոյ որեւէ եզրագիծ չէ, որուն այս կողմին եւ այն կողմին միջեւ էական տարբերութիւններ պիտի ըլլան:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի պաշտօնական անունը ինքնաբացատրողական է: Անիկա թելադրող, որոշող եւ աշխարհի տարածքին գործող յանձնաժողովներու յանձնարարականներ տուող յանձնաժողով չէ, այլ ուղղակի համակարգող բոլորին նախաձեռնութիւնները: Համագործակցողի եւ օժանդակողի դերակատարութիւն ունի հիմնականին մէջ եւ ոչ թէ պարտադիր բնոյթի որոշումներ կայացնող:

Տարբեր խնդիր է անշուշտ, որ նման յանձնաժողովի ամէնէն ներկայացուցչական դէմքերով յատկանշուող համընդգրկուն ձեւաչափը ինքնին կը ստեղծէ կարեւորագոյն միջավայրը Ցեղասպանութեան նկատմամբ կիրարկելի քաղաքականութեան շուրջ քննարկումներ ծաւալելու, ռազմավարական ուղիներ ճշդելու եւ գաղափարախօսական առանցքներ ձեւաւորելու:

Այս բոլորէն առաջ քանի մը ուղենշային բովանդակութիւն ունեցող յայտարարութիւններ կը ստեղծեն  որոշ նախադրեալներ հետագային ճշդելի առաջադրանքին ուղղութեամբ: 100-ամեակին ընդառաջ եւ ուիլսընեան իրաւարար վճիռի 90-ամեակին առիթով նախագահ Սարգսեան կը խօսէր Սեւրի համաձայնագիրին ներկայացուցած իրաւական եւ այժմէական նշանակութեան մասին: Պաշտօնական Երեւանի կողմէ կատարուող յայտարարութիւնները եւ աւելի ուշ պետական յանձնաժողովի նիստերու քննարկումներուն վերաբերող հրապարակումները կը բանաձեւէին հայ ժողովուրդի պատմական բոլոր իրաւունքներու վերականգնման կամ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման առաջնահերթութիւնները:

Իրադրային նշանակութիւն ունի երկու վեհափառ հայրապետներու միացեալ  յայտարարութիւնը` Թուրքիայէն պահանջելու անյապաղ վերադարձնել հայոց վանքերը, եկեղեցիներն ու եկեղեցապատկան կալուածները: Իրադարձութիւնները ագուցուած էին իրար, այն առումով, որ ոչ շատ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը հրաւիրէր միջազգային օրէնսգէտներ, քննարկելու համար միջազգային օրէնքին համահունչ` հատուցման հարցը իրաւական հարթութեան վրայ տեղադրելու համապատասխան ուղիներու որոնումը:

Ի հարկէ իրաւականը կարելի չէ տարանջատել քաղաքականէն: Խնդիրը սակայն այս պարագային այն է, որ բոլոր նախադրեալները կը յուշեն, որ հարիւրամեակին ընդառաջ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն հնչող շեշտադրումները կը խօսին այն փաստին մասին, որ հայաստանեան ըսելաձեւով ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման կամ սփիւռքեան բառապաշարով համազգային պահանջատիրութեան իրաւական թղթածրարը կազմելու ուղղութեան վրայ ենք: Մինչեւ 100-ամեակ` գէթ այդ թղթածրարի հայեցակարգային նախագիծը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )