Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր գործերը լաւ ընթացք ունենան, ուրեմն պէտք է զանոնք կիրարկէք ճիշդ մեթոտով, որպէսզի խանգարում չունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Լաւ կ՛ընէք, եթէ ճամբորդութեան մը մասին մտածէք: Ասիկա միջոց մըն է ձեր մտածումները կամ կարծիքները փոխելու, նոր տեսլական ունենալու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հաւատք ունեցէք ձեր պատրաստած ծրագիրներուն, որպէսզի յաջողութիւնը կատարեալ ըլլայ: Ինքնավստահութիւնը ապահովութիւն կը բերէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Լաւ արդիւնք պիտի ստանաք այն անձերէն, որոնք կ՛աշխատին ձեզի հետ: Այս իրողութիւնը յաջողութեան փաստ մըն է, որ պիտի ընկերանայ ձեզի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ազդեցիկ կեցուածք, կարգապահ աշխատանք պիտի բարձրացնեն ձեր վարկը: Օրինակելի է ձեր ընթացքը, ձեզի հետ պիտի բարձրացնէք ձեր գործակիցները` զանոնք բարձրացնելով ձեր մակարդակին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեզի պիտի ուղղուի առաջարկ մը անձի մը կողմէ, որուն ընդդիմանալը անկարելի պիտի ըլլայ: Հետեւեցէք օրուան բերած բախտին, կը շահիք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ընտանիքին վերաբերեալ դեր մը չունիք կատարելիք: Կարեւոր է, որ հետեւիք դուք ձեզի, որպէսզի ճիշդ ճամբու վրայ դնէք ծրագիր մը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ընտանիքին մէկ անդամին հետ պիտի ունենաք նոր յարաբերութիւն: Տեսակցութեան ընթացքին պիտի արծարծէք յիշատակելի դէպքեր: Ձեր ընտանեկան կապը ամուր պահեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նոր առաջարկ մը պիտի ներկայացնէք առ որ անկ է, որ ձեզի պիտի ապահովէ յաւելեալ եկամուտ: Գոհ պիտի մնաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր աշխատանքին վերաբերեալ պիտի ունենաք նոր հետաքրքրութիւն: Այս նորութիւնը առիթ մը պիտի ըլլայ ստեղծագործական յաջողութեան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ծրագիրներուն աւարտած ըլլալու իրականութիւնը նոր ճամբայ ցոյց պիտի տայ: Պիտի կարենաք ճշդել, թէ ո՛ր ճամբով պիտի առնէք ձեր ուղղութիւնը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր դժուարութիւնները փարատելու համար ձեր բարեկամները պիտի օգնեն ձեզի: Անոնք պիտի հասկնան ձեր կացութիւնը եւ ըստ այնմ պիտի վերաբերին ձեզի հետ: