Ճատրակ. Ալեխինի Մրցաշարք. Արոնեան` 5-րդ Դիրքին Վրայ
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ 21 ապրիլին սկսաւ Ալեխինի անուան նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 10 կրանտմասթըրներու, որոնց կարգին հայրենի Լեւոն Արոնեան:
Մրցաշարքին առաջին մասէն եւ 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Արոնեան ապահովելով 3 կէտ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:
Մրցաշարքին երկրորդ բաժինը տեղի պիտի ունենայ 28 ապրիլէն 1 մայիս:
Ստորեւ` դասաւորումը.
……………………………………….ԿԷՏ
1.- Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ 3,5
2.- Լորան Ֆրեզինէ 3
3.- Պորիս Կելֆանտ 3
4.- Մայքըլ Էտըմզ 3
5.- Լեւոն Արոնեան 3
6.- Վիշվանաթան Անանտ 2,5
7.- Լիրեն Տինկ 2
8.- Վլատիմիր Քրամնիք 2
9.- Նիքիթա Վիթիուկով 2
10.- Փիթըր Սվիտլեր 1

