Շաբաթ, 25 Մայիսին Ճատրակի Միջազգային Մրցաշարք` Մէյս Ժապալի Մէջ
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 25 մայիսին, Մէյս Ժապալի մէջ (հարաւ) տեղի պիտի ունենայ ճատրակի միօրեայ տարիքային միջազգային մրցաշարք մը (7 հանգրուան)` Հարաւի ազատագրութեան եւ դիմադրութեան տօնին առիթով:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն այս մրցաշարքին մասնակցիլ, կրնան կապ հաստատել Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրիի հետ` հեռաձայնելով 03-955700 թիւին:
Պիտի տրամադրուին ձրի փոխադրակառքեր, մասնակցութիւնը ամբողջութեամբ ձրի է, ինչպէս նաեւ բոլոր մասնակիցները կէսօրուան ճաշի հիւրը պիտի ըլլան Մէյս Ժապալի քաղաքապետ Մուրթատա Քապալանի:
CATEGORIES Մարզական