«Ֆորմիւլա-1»-ը Մուտք Կը Գործէ Լիբանանեան Վարժարաններ
Նախորդ շաբաթավերջին «Ռոթանա» պանդոկին մէջ (Ռաուշէ) տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ այսուհետեւ «Ֆորմիւլա-1»-ը մուտք պիտի գործէ լիբանանեան վարժարաններ, որպէսզի այս մարզով բոլոր հետաքրքրուողները աւելիով տեղեակ ըլլան անոր մասին:
Այս առնչութեամբ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց անգլիացի Սթիվ Նեւի, որ այս մարզը տարածելու գործադիր յանձնախումբին նախագահն է:
Այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ էր նաեւ լիբանանահայ փորձառու վարորդ Շահան Սարգիսեան, որ նշեց, թէ բոլորին համար ալ ասիկա պէտք է ըլլայ կարեւոր, որպէսզի տեղեակ ըլլան այս մարզաձեւին մանրամասնութիւններէն:
CATEGORIES Մարզական