Արեւմտեան Ասիոյ Ֆութսալի Ախոյեանութիւն. Սատաքա Պարտուեցաւ Սատէն (5-2) Եւ Հանդիսացաւ Երկրորդ

Նախորդ շաբաթավերջին Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուրի մէջ աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Սատաքայի եւ Սատի (Քաթար) միջեւ:

Լիբանանեան կազմը 5-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Սատէն հանդիսացաւ 2-րդ:

Այդ պարտութիւնը որեւէ ձեւով չազդեց Սատաքայի համար` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ ապահովեցին Ասիոյ ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իրենց տոմսերը:

Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օգոստոսին` Նակոյայի մէջ (Ճափոն):

Սատաքայէն եւ Սատէն բացի այս ախոյեանութեան իրենց տոմսերը ապահոված են նաեւ Շունպուրի Պլու Ուէյֆ (Թայլանտ), Շենզըն Նանլինկ (Չինաստան) եւ Թայ Սուն Նամ (Վիեթնամ):

Ցարդ Իրանի, Ուզպեքիստանի եւ Ճափոնի ախոյեաններուն անունները յստակացած չեն:

Նշենք, որ Սատաքայի բերդապահն է Սագօ Էսքիճեան:

 

Share this Article
CATEGORIES