Մարզական Կարճ Լուրեր

ԱՆԳԼԻՈՅ ազգային խումբի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ուէյն Ռունի կը գլխաւորէ  Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ամէնէն հարուստ ֆութպոլիստներուն ցանկը: 27-ամեայ ֆութպոլիստին կարողութիւնը կը գնահատուի 51  միլիոն սթերլինկ: Երկրորդ դիրքին վրայ կու գայ Ռիօ Ֆերտինանտը`  42 միլիոն սթերլինկ: Երրորդ դիրքի վրայ կու գայ Մայքըլ Օուընը` 38 միլիոն սթերլինկ:

ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Տէյլի Սթար» օրաթերթը իր երէկուան թիւով գրած է, թէ Նափոլի հաւանութիւն  տուած է յարձակող Էտիսըն Քաւանիի Մանչեսթըր Սիթի փոխանցումին: Փոխանցման սակը կը գնահատուի 50 միլիոն սթերլինկ գումար մը:  Քաւանիի ծառայութիւններով նաեւ  հետաքրքրուած է Ռէալ Մատրիտ: Իտալիոյ  ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարուան  մրցումներուն Քաւանի նշանակած է 23 կոլ:

ՊՐԱԶԻԼԻ մէջ կայացաւ  համաշխարհային ճանաչում ունեցող  Մարաքանա մարզադաշտին  վերաբացումը: 2014-ի Մոնտիալը ընդունող  մարզադաշտին վերակառուցման աշխատանքները սկսան 2010-ին: Ան նախատեսուած է 79 հազար մարզասէրներու  համար: Դաշտին վերաբացման առիթով, ֆութպոլի  բարեկամական մրցում մը տեղի ունեցաւ  Ռոնալտոյի եւ Պեպեթոյի կողմէ ընտրուած խումբերու միջեւ:

ՄԱՐԻԱ Շարափովա շահեցաւ  թենիսի  Շթութկարթի միջազգային մրցաշարքը:  Աւարտական մրցումին, Շարափովա 6-4, 6-3  արդիւնքով պարտութեան մատնեց չին Լի Նայը: Այսպիսով, արհեստավարժ դառնալէ ետք 26-ամեայ Շարափովա կը շահէր իր 29-րդ տիտղոսը:

ԹԵՆԻՍԻ Պարսելոնայի միջազգային մրցաշարքը վերջ գտաւ Ռաֆայէլ Նատալի յաղթանակով:  Աւարտական մրցումին Նատալ 6-4, 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հայրենակիցը`  Նիքոլաս Ալմակրոն:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ Նիու Օրլինզ նահանգին մէջ տեղի  ունեցող կոլֆի մրցաշարքի մը ընթացքին հսկայ  կոկորդիլոս մը անակնկալօրէն յայտնուեցաւ խաղադաշտին մէջ… Մրցաշարքը  դադրեցաւ, մինչեւ որ կոկորդիլոսը որոշեց լքել  խաղահրապարակը եւ սուզուիլ գետը:

ՌԷԱԼ Մատրիտ – Պորուսիա Տորթմունտ մրցումին իրաւարարը պիտի ըլլայ անգլիացի Հուարտ Ուեպը: Նշենք, որ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի գծով  երկու  խումբերուն միջեւ դարձի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 30 ապրիլին:

ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Սանտէյ Փիփըլ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Արսենալ պատրաստ է 35 միլիոն սթերլինկ գումար մը վճարելու սպանական ֆութպոլի  հսկաներէն Ռէալ Մատրիտին` բերդապահ Իքեր Քասիասի ստորագրութիւնը ունենալու համար: Փոխանցման գործարքին նաեւ մաս կրնայ կազմել Արսենալի յետսապահ Փաքարի Սանիան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES