Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միացեալ Պաշտամունք «Ապագան Յիշել»

Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարին ըլլալով մեր աչքերը սեւեռած դէպի 100-ամեակ, ազգովին առանց խտրականութեան կը ձգտինք պահանջատիրական մեր իրաւունքներու հատուցման:

98 տարիներ անցած են այն օրէն, երբ թուրքը աշխարհի աչքին առջեւ փորձեց հայութիւնը, կոտորել ու ջարդել հայ ժողովուրդը: Ձախողեցաւ, թէեւ մենք ա՛լ շատ բան կորսնցուցինք:

24 ապրիլ 2013-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի  Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի նախաձեռնութեամբ, տարբեր համաժողովրդային ձեռնարկներ տեղի ունեցան, իսկ գլխաւորը` քայլարշաւ Պուրճ Համուտէն մինչեւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ:

Ի հարկէ, քայլարշաւին սկսելէ առաջ եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան միացեալ արարողութիւններ:

Հայ աւետարանական եկեղեցին եւս, իր կարգին, ինչպէս ամէն տարի, Միացեալ պաշտամունք ունեցաւ չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2013-ի ժամը 10.00-ին, Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցիին մէջ, խուռներամ հաւատացեալ ժողովուրդի ներկայութեամբ: Միացեալ Նահանգներէն ներկայ էին նաեւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան պատասխանատուները:

Եսթեր Քիլաղպեանի նախանուագի կատարումէն ետք, վեր. Յովհաննէս Սվաճեան կոչ ուղղեց պաշտամունքի եւ աղօթեց մեր նահատակներու յիշատակին:

Ժողովուրդը պատշամունքին իր մասնակցութիւնը բերաւ երգով փառաբանութեան աղօթքով եւ փոխասաց ընթերցումով: Երեք երգերով, իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ աւետարանական Թորոսեան միջնակարգ Վարժարանի աշակերտները, խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի: Շատ տպաւորիչ եւ յուզիչ էր դողդոջ մանուկներու բերնէն լսել «Տէր Ողորմեա»-ն: Վեր. Հրայր Չոլաքեանի աղօթքէն ետք, Սերօ Քելլուկեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Ափ Մը Մոխիր» քերթուածը, տուտուկի ընկերակցութեամբ Յակոբ Քելլուկեանի: Աստուածաշունչէն ընթերցեց վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան:

Օրուան պատգամը փոխանցեց ՄԱՀԱԵ Միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան` նիւթ ունենալով «Ապագան երա՞զ, թէ՞` յիշողութիւն»: Ան ըսաւ. «Միայն երկու տարի մնաց հարիւրամեակին: Եւ լաւ է, շատ լաւ է, որ տեսանելի զարգացում կայ մեր ընթացքին մէջ. ողբէն եւ սուգէն անցանք պատմական փաստարկութեան. փաստէն անցանք ճանաչումի պահանջին. ճանաչումէն արդէն կ՛անցնինք հատուցման պահանջին»:

Վեր. Մ. Գարակէօզեան բարձրացուց հետեւեալ հարցը, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «Ապագան յիշել»: Ու ան եզրակացուց. «Անցեալի հատուցումներ պահանջելը կարեւոր է, սակայն Հայոց ցեղասպանութեան բերած վնասները հաշուելու եւ հատուցում պահանջելու գործին մէջ` ոչ թէ նախկին եղածներուն գումարը պէտք է պահանջենք, այլ` առաւել մէկուկէս միլիոն երազ եւ կարելիութիւններ մեզ ո՞ւր հասցուցած պիտի ըլլային: Մէկ դարու զարգացում եւ կեանք մեր հողերուն վրայ` մեզ ո՞ւր հասցուցած պիտի ըլլային, ահա այդ բոլորին գումարը պիտի պահանջենք հատուցումի համար: Եւ որքան ժամանակ անցնի անպատիժ մնացած Ցեղասպանութենէն, հատուցման գումարն ալ` պարտքի առնուած գումարի տոկոսի պէս` պէտք է աւելնայ: Պէտք է աւելնայ նաեւ հատուցում պահանջելու սաստկութիւնը, քանի որ` միայն Ցեղասպանութեան վնասը չէ, որ պէտք է հատուցուի, այլ նաեւ վեց դարերու կեղեքումի, բռնակալութեան եւ ստրկացումին պատճառած վնասներուն հատուցումը. մինչեւ հասնինք մեր վերջնական եւ ամբողջական հայրենիքը»:

Տէրունական աղօթքի երգեցողութենէն ետք, պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի առաքելական օրհնութեամբ:

Ապա, ներկաներէն շատեր` երէցներ, երիտասարդներ եւ փոքրեր, շտապեցին միանալու համաժողովրդական քայլարշաւին:

Share this Article
CATEGORIES