ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» Մասնաճիւղի 65-ամեակ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգռաբթի 18 ապրիլ, 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ ճաշարան «Մշարապիէ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Շուշանիկ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 65-ամեակի նշում:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Պերճուհի Գասպարեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկին յաջողութեան:
Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ վարչութեան ատանեպտ Մարալ Յովհաննէսեան: Ան յայտնեց, որ ՀՕՄ-ականը ստանձնած է աշխարհասփիւռ տարագիրներուն եւ որբերուն գոյատեւման նպաստող, անմիջական կարիքները ապահովելու ծանր լուծը, կամաւորաբար նետուած է ծառայութեան ասպարէզ եւ սատարած է հայապահպանման վսեմ առաքելութեան` սերունդէ-սերունդ փոխանցելով հայկական մշակոյթն ու աւանդութիւնները: 65-ամեայ «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութիւններն ու անդամաները շարունակ գործեցին եւ կը գործեն նոյն հաւատքով ու նոյն վճռակամութեամբ», հաստատեց Մ. Յովհաննէսեան:
ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Մարալ Մխսեան: Ան հաստատեց, որ ԼՕԽ-ական ընկերուհին` հայ կինը, մեծ դերակատարութիւն ունեցած է մեր ողջ պատմութեան ընթացքին իր օրինակելի վարքագիծով, անհուն զոհողութեամբ, հաւատքի պատպանութեամբ: Մ. Մխսեան վեր առաւ «Շուշանիկ» մասնաճիւղի 65-ամեայ ազգանուէր ծառայութիւնը եւ անսակարկ զոհողութիւնը` շեշտելով պատերազմի տարիներուն մասնաճիւղի ընկերուհիներւոն անշահախնչիր ներկայութիւնը ակումբ` խրախուսելու ընկերները, նաեւ` ստանձնելու մատակարարման աշխատանքին մէջ կարեւոր բաժին ը: «Կոմիտէն բարձր կը գնահատէ 65 տարիներու «Շուշանիկ» մասնաճիւղին տարած աշխատանքը եւ յատկապէս ներկայ վարչութեան աշխատանքը, որուն վերնագիրը եղաւ համերաշխութիւն, համախմբում», եզրափակեց Մարալ Մխսեան:
Ձեռնարկին սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ գրագիտուհի Շահանդուխտ: Ան նկատել տուաւ, որ ԼՕԽ-ը հիմնուած է 4 սկզբունքներու վրայ, խոնարհութիւն, ծառայութիւն, սէր, հաւատք: Ան յայտնեց, որ 65-ամեակի նշումը հաշուեյարդարի օր է, ինքնաքննարկումի օր է, թէ ի՛նչ աշխատանքներ տարած է մասնաճիւղը մինչեւ օրս: ԼՕԽ-ի սկզբունքներուն մեծագոյնը տալ գիտնալն է` հոգիով, սրտով, մտքով, անկեղծութեամբ», հաստատեց Շահանդուխտ` շնորհաւորելով` մասնաճիւղին 65-ամեայ յոբելեանը:
Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում: Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան Սրբուհի Պատանեան` դաշնակ, Լոռի Պիլալեան` սրինգ, Մակի Տէր Խաչատուրեան ասմունք, «Սիփան» պարախումբ, նաեւ ցուցադրուեցաւ մասնաճիւղին 65-ամեայ պատմականը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

