Մոմավառութիւն Եւ Կոմիտաս «Ֆայհա» Երգչախումբին Ելոյթով

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Ա՜խ, նրանցից ինչի համար քեզ զատեցին,
Քեզ-այնքա՜ն  ուշ-ինչի համար ազատեցին:
Եթէ դա՜ էր ազատելը:

Այսպէս ղօղանջեց եղեռաբախտ Պարոյր Սեւակի «Զանգակատունը»:

Խմբավար Պարգեւ Թասլագեանը այդ ղօղանջին արձագանգն էր իր մեկնաբանութիւններով եւ աննման «Ֆայհա» երգչախումբին ելոյթով, հինգշաբթի, 25 ապրիլին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բեմին վրայ:

«Ֆայհա» արաբերէնով կը նշանակէ ընդարձակ տարածք, այդ երեկոյին երգչախումբը իր անունին հարազատ թարգմանը հանդիսանալով` ծաւալած էր իր սահմանները եւ հասցուցած` մեր հայրենի երկրի արտերը ու «նահատակ» Կոմիտաս վարդապետի պարտէզէն  ծաղկեփունջ մը  քաղած` կը ներկայացնէր տեղացիներուն, օտարներուն եւ պարտիզպանին պանդուխտ արիւնակիցներուն:

Կոմիտասի եւ աշակերտին` Կանաչեանի ունկնդրումը կրկնակի ապրում էր, երբ մեր արաբ քոյրերուն եւ եղբայրներուն հագագներէն կը հնչէր անոնց ստեղծագործութիւնները, սրահին մէջ գողտրիկ ներկայութեամբ Կանաչեանի դստեր Սեդային:

Թրիփոլի քաղաքէն քառասուն անդամ- անդամուհիներէ բաղկացած երգչախումբը հանդէս եկաւ առանց որեւէ երաժշտական գործիքի եւ ձայնային սարքի: Ինչ որ յաւելեալ փայլք տուաւ կատարողական կարողութեան եւ ձայներու հարազատ արտայայտութեան: Առանց դադարի, քսան երգերէ կազմուած յայտագիրը բաժնուած էր արաբերէն եւ հայերէն հաւասար ստեղծագործութիւններու, ճաշակաւոր ընտրութեամբ եւ հաճելի համադրումով մէկ հայերէն, ապա մէկ արաբերէն երգ ներկայացնելով, համեմելով օտար լեզուով «Ավէ Մարիա»-ով:

Արաբերէն երգերը ուշագրաւ էին իրենց այլազանութեամբ, ազգային, ժողովրդային, նոյնիսկ կատակ երգ մը` իր դաստիարակիչ բնոյթով, Շարպել Ռոհանայի բառերով եւ երաժշտութեամբ կը ձաղկէր օտար բառերու մուտքը արաբերէն լեզուին մէջ: Բացառիկ մեկնաբանութեամբ ներկայացուեցաւ «Ասմաա էլլահ էլհուսնա» աղօթքը, որ մահմետականներու մօտ Աստուծոյ անուններու եւ մակդիրներու շարք մըն է, նման` մեր Կիպրիանոս աղօթագիրքի մէջ յիշատակուած «Հազար ու մէկ» անունին, կամ` «Աղօթք պահպանութեան»:

Սրտխօսիկ մեկնաբանութեամբ հրամցուեցաւ երգիչ եւ գրող Մարսել Խալիֆէի «Ասֆուր» (թռչուն) ստեղծագործութիւնը, որ ազատատենչութեան խորհուրդը կը ներկայացնէր:

Այլ արաբերէն երգերէն էին « Հըլու Պէյրութ», «Աուըլ եա ղանամ», «Ահ եա զաման», «Հայհաթ», «Լիպէյրութ» (սպանական երաժշտութենէ համադրուած) , եւ «Հոլո» (ծովի մասին քուէյթեան մշակոյթէն): Բոլոր արաբերէն երգերը մշակումն էին դոկտ. Էտուար Թորիկեանի:

Մեր տաղի քուրմ,
Մեր Խաղի մոգ,
Մեր մշտահունչ ու մշտարթուն
Անլռելի զանգակատո՜ւն . . .

Այս տողերով կ՛աւարտէր Պարոյր Սեւակ անմահ Կոմիտասի մասին իր «Անլռելի զանգակատուն»-ը: Մինչ Պարգեւ Թասլագեան Մեծ Վարդապետին երգերը ներկայացնելէ առաջ, արաբերէն լեզուով կը խօսէր նահատակ երաժիշտի կեանքին եւ վաստակին մասին, Ցեղասպանութեան տօնակատարութեան այս երեկոյին Հայ դատը ծանօթացնելով օտար հասարակութեան:

«Սարերի հովին մեռնեմ», «Հինգ էծ», «Ել ել», «Զարը զընգ»-ը, «Սոնա եար», «Հարսանեկան երկու երգ»` Կոմիտասեան այս փունջին աւելցաւ իր աշակերտին` Բարսեղ Կանաչեանին «Փամբ որոտան»-ը եւ «Վարդերի հետ» ու Էտկար Յովհաննէսեանին «Շորորա»-ն:

Հայ երաժշտութեան գանձարանի այս երգերը, մեր արաբ բարեկամներուն կողմէ մեկնաբանուեցան  հայերէն լեզուի առոգանութեան հարազատութեամբ եւ այնպիսի ապրումով մը, որ անտեղեակ ունկնդիրը պիտի կարծէր, թէ հայկական խումբի մը ելոյթին ներկայ կը գտնուի:

Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերու պար»-ը եւ Ապտել Ուահապի «Լէյլեթ հուպ» ստեղծագործութիւններու համադրումը ներկայացուեցաւ շուրթերու ձայնային սքանչելի կատարողութեամբ :

Մենակատարներէն ուշագրաւ էր Ռուլա Ապու Պաքըրը որ բազմաթիւ առիթներով հմայեց  ունկնդիրները:

Գարնանային այդ երեկոյին մեր ժողովուրդի դալար գարունը խոստացող` ամերիկեան համալսարանի ուսանողներ, որոնցմէ ոմանք` Զաւարեանի աւանդին հաւատարիմ, ոչ միայն «Ֆայհա»-ի վայելքը նուիրեցին, այլ` լիալուսին ուշ գիշերին համալսարանի պարտէզին մէջ, ներկաներուն հրամցուած մոմերով խորհրդանշական պատկեր մը գծելէ ետք, անոր շուրջ հոգեհանգստեան  ժողովրդային համերգի պահ մը ստեղծեցին,  տէր Մեսրոպ եւ տէր Սիմէոն քահանայ հայրերու աղօթքներէն ետք, ներկաները հնջեցուցին «Տէր ողորմեա», «Հայր մեր», «Կիլիկիա» եւ «Մեր հայրենիք»` հոգեպարար անմոռանալի օր մը արձանագրելով իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES