Հայկական Տիրական Ներկայութիւն Լոնտոնի Գիրքերու Միջազգային Փառատօնին
15-17 ապրիլ 2013-ին, «Ըրլզ քորթ քոնֆըրընս սէնթըր»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Լոնտոնի գիրքերու միջազգային փառատօնը, մասնակցութեամբ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն հարիւրաւոր հրատարակչատուներու եւ մեծ թիւով հեղինակներու: Բրիտանահայ համայնքի նախաձեռնութեամբ եւ տեղւոյն ազգայիններու զօրակցութեամբ եւ աջակցութեամբ, այս տարի կարելի եղած էր հայկական յատուկ տաղաւար մը ունենալ միջազգային այս մեծ փառատօնին: Հայկական տաղաւարին մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատուները: Զոյգ հաստատութիւնները կը ներկայացնէին հայոց պատմութեան, հայ եկեղեցւոյ, հայկական մշակութային արժէքներու, գրականութեան, Հայոց ցեղասպանութեան ու Հայ դատի նուիրուած հրատարակութիւններ, դասագիրքեր եւ մանկապատանեկան հրատարակութիւններ, հիմնականին մէջ օտարազելու եւ բաժին մըն ալ հայերէն: Այս փառատօնին հայկական տաղաւարով կը մասնակցէին նաեւ Հայաստանէն Էջմիածնի կաթողիկոսութեան հրատարակչատունը, «Պուքինիստ» գրատարածը, «Զանգակ», «Արեկ եւ Էտիթ Փրինթ» հրատարակչատուները, Անգլիայէն` Հայկական հաստատութիւնը, մտաւորականներ` Ռուբէն Գալիշեանը, Նուրիձա Մաթոսեանը, Նունէ Սարգիսեանը եւ պատուելի Տոքը Վրէժ Ներսէսեանը, իսկ Միացեալ Նահանգներէն` փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի եւ Փիթըր Պալաքեանի հրատարակութիւնները:
Լոնտոնի գիրքերու միջազգային փառատօնին իւրաքանչիւր տարի լուսարձակի տակ կը բերուի երկրի մը հրատարակչական մարզը: Այս տարեշրջանին այդ բաժինը յատկացուած էր Թուրքիոյ, եւ թրքական մեծ թիւով հրատարակչատուներ եւ թուրք գրողներ ներկայութիւն էին փառատօնին: Ազրպէյճան նաեւ յատուկ տաղաւարով մը կը մասնակցէր այս ցուցահանդէսին: Այս հանգամանքները նկատի ունենալով` հայկական տաղաւարին ներկայութիւնը կը ստանար կրկնակի իմաստ եւ Լոնտոնի հայ համայնքի այս նախաձեռնութիւնը կը վերածէր Հայ դատի քարոզչական օգտակար քայլի մը:
Հայկական տաղաւարին մէջ 15 ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն-հիւրասիրութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան շրջանի թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեան, Հայաստանի հանրապետութեան հաւատարմատար Արեգ Մարգարեան, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ազգայիններ եւ օտար այցելուներ: Այս առիթով համայնքի վարչութեան անունով խօսք առաւ Վիգէն Հալլաճեան, որ գնահատելով այս նախաձեռնութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հրատարակչատուներուն իրենց ցուցաբերած գործակցութեան համար: Ան հաստատեց, որ համայնքը խանդավառուած ու գօտեպնդուած է այս նախաձեռնութենէն եւ այս մէկը բաւական խթան է, որ յառաջիկայ տարի այս ծրագիրը ծաւալի ու ստանայ աւելի ընդգրկուն տարողութիւն: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան հաւատարմատարը: Իրենց շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքերը յաջորդաբար փոխանցեցին Հայաստանի հրատարակիչներու միութեան նախագահ Մկրտիչ Կարապետեան, Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանը եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան: Մկրտիչ Կարապետեան գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը եւ մաղթեց, որ ան ունենայ շարունակական բնոյթ եւ իւրաքանչիւր տարի Հայաստանի եւ սփիւռքի հրատարակչատուներու գործակցութեամբ կարելի ըլլայ իրագործել այս ծրագիրը: Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքի պատասխանատուներուն այս օգտաշատ նախաձեռնութեան համար, ինչպէս նաեւ կարեւորեց այս նախաձեռնութիւնը` հաստատելով, որ անիկա այսօր կը ստանայ շեշտակի իմաստ` տրուած ըլլալով, որ Լոնտոնի մէջ կը համախմբուին Հաաստանէն եւ արտերկրէն զանազան հրատարակչատուներ եւ այս երեւոյթը ինքնին խրախուսիչ է: Ան աւելցուց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ պատմութեան խեղաթիւրումներու դիմաց մեր տաղաւարին ներկայութիւնը ամուր վկայութիւն մըն է հայութեան գոյերթին եւ լինելութեան, նաեւ ուժգին պատգամ մը միջազգային հանրութեան, որ հայկական պահանջատիրական երթը կը շարունակուի նոյն վճռակամութեամբ: Խաչիկ Տէտէեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ մարմինին իր այս նախաձեռնութեան համար, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ այս տաղաւարի կարեւորութեան հայութեան ներկայութիւնը շեշտակի դարձնելու առումով: Խօսք առին նաեւ Հայաստանի հրատարակչատուներու ներկայացուցիչները եւ անհատ մտաւորականներ:
Ցուցահանդէսին ընթացքին հայկական տաղաւարը այցելեցին մեծ թիւով օտարներ եւ մանաւանդ թուրք ակադեմական անձնաւորութիւններ: Բոլորին ուշադրութեան առանցքը հանդիսացան Հայ դատի հրատարակութիւնները եւ հայ մշակոյթի կոթողները: Յայտնենք, որ Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատան Հայ դատի նուիրուած արաբերէն լեզուով հրատարակութիւնները ցուցադրուեցան նաեւ Լոնտոնի փառատօնի Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան տաղաւարին մէջ:

Կազմակերպիչ մարմինի ներկայացուցիչներ Չարլզ Մալաս եւ Վիգէն Հալլաճեան, եւ տիկին Սելլա Թնճուկեան Լիբանանի պատուիրակութեան հետ
Ցուցահանդէսի աւարտին կազմակերպիչ մարմինի ներկայացուցիչ Չարլզ Մալասի եւ այլ պատասխանատուներու հետ, մասնակից հրատարակչատուները ունեցան խորհրդակցական հանդիպում մը եւ որոշեցին այս տարեշրջանը իբրեւ առաջին եւ յաջող փորձ նկատի ունենալով յառաջիկայ տարուան համար արդէն իսկ մտածել հայութեան մասնակցութեան ծիրը ընդարձակելու մասին: Այս իմաստով Լոնտոնի հայ համայնքի պատասխանատուները ցուցաբերեցին ամբողջական պատրաստակամութիւն:
Այս փառատօնին, Համազգայինի Վահէ Սէթեան եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրատարակչատուներու մասնակցութեան իմաստով իրենց հիմնական նպաստը բերին հայ մշակոյթի ու գրականութեան արժէքներու պահպանման ու զարգացման գործին ու առաքելութեան միշտ սատար հանդիսացող տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանները:





