Հակառակ Թուրքիոյ Մէջ Ապրիլեան Ձեռնարկներուն` Հայոց Ցեղասպանութեան Թիւ Մէկ Պատասխանատուն Այժմ Ի Պատուի Է Թուրքիոյ Մէջ
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Ապրիլ 24-ի նախօրեակին թուրք մամուլն ու համացանցի կայքէջերը լեցուն էին Հայոց ցեղասպանութեան մասին թեր ու դէմ լուրերով կամ մեկնաբանութիւններով: Ասոնց մէջ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ «Այքըրը տողրուլար» կայքէջին վրայ Թալէաթ փաշային մասին հրատարակուած երկարաշունչ մեկնաբանութիւն մը, որուն մէջ կը յիշեցուի, որ հայերու դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան գլխաւոր ճարտարապետն էր Թալէաթ փաշա, այդ շրջանի ներքին գործոց նախարարը: Թալէաթ փաշա 1911 թուականէն սկսեալ արդէն անձնապէս ծրագիրներ պատրաստած էր հայերը բնաջնջելու համար, այս մասին փաստաթուղթեր կան` իր իսկ ձեռքով գրի առնուած:
Հրատարակուած մեկնաբանութեան մայր գաղափարը այն է, որ Թալէաթ փաշա, հակառակ որ այդ շրջանի դատարաններէն մէկուն կողմէ մահուան դատապարտուեցաւ, Գերմանիա խոյս տուաւ ու հոն սպաննուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանին կողմէ: Բայց Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը միշտ յարգանք պահեց անոր անուան նկատմամբ ու երկար տարիներ ետք անոր աճիւնները Պոլիս բերել տուաւ փառաւոր յուշադամբան մը կառուցեց Շիշլիի Ապիտէի Հիւրրիյէթ պողոտայի վերջաւորութեան, ուր մեծ թիւով հայեր ու այլ փոքրամասնութիւններ կ՛ապրին: Թալէաթ փաշայի նկատմամբ ցուցաբերուած այս յարգանքը Ցեղասպանութեան ժխտումի առաջին ազդանշանն էր արդէն:
Մեհմեթ Թալէաթ փաշա իթթիհատականներուն գլխաւոր ղեկավարներէն մէկն էր եւ ան միշտ կը յիշուի որպէս Ցեղասպանութեան թիւ մէկ կազմակերպիչը: Երբ Ա. աշխարահամարտի աւարտին Օսմանեան կայսրութիւնը պարտուեցաւ, ան գերմանական ռազմանաւով մը փախաւ Գերմանիա: Թալէաթ փաշա Գերմանիա գացած էր արդէն, երբ 1918-ին Թուրքիոյ մէջ պատերազմական ատեան մը մահուան դատապարտեց զայն` անոր հետ միասին մահուան դատապարտելով նաեւ Իսմայիլ Էնվեր, Ճեմալ փաշա, տոքթ. Նազըմը, բոլորն ալ պատասխանատու նկատելով Տրապիզոնի, Եոզկատի եւ Պողազլեանի մէջ կատարուած սպանդներուն: Օսմանեան կառավարութիւնը ատկէ ետք քանիցս Գերմանիայէն պահանջեց, որ Թալէաթ փաշա վերադարձուի, բայց գերմանացիները մերժեցին այդ առաջարկը:
Թալէաթ փաշա 15 մարտ 1921 թուականին հայազգի Սողոմոն Թեհլիրեանին կողմէ Պերլինի մէջ սպաննուեցաւ, երբ ան դուրս ելած էր ծխախոտ գնելու համար: Անոր մարմինը դրուեցաւ բողոքականներու Մատտայի եկեղեցւոյ գետնայարկը: Դագաղը աւելի վերջ պահուեցաւ յարակից շէնքի մը մէջ:
Տրուած ըլլալով, որ այդ շրջանին քեմալական իթթիհատականները Թալէաթ փաշային մարմինը ետ բերելու դիտաւորութիւն մը չունէին, անոր մարմինը, Ճեմալ Ազմիի եւ տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիրի դագաղներուն հետ միասին թրքական դրօշակի մը մէջ փաթթուած վի ճակով եւ առանց կրօնական արարողութեան` հողին յանձնուեցաւ մահմետականներու գերեզմանոցի մը մէջ: Աւելի վերջ Թուրքիոյ դեսպանին խնդրանքով գերմանացիները հրաւիրուեցան աւելի խնամք ցոյց տալու Թալէաթ փաշային անխնամ մնացած գերեզմանին:
20 փետրուար 1943-ին Թալէաթ փաշային աճիւնները հոնկէ հանուեցան եւ Պոլիս բերուեցան, 5 օր վերջ ալ պետական արարողութեամբ հողին յանձնուեցան Շիշլիի մէջ: Թալէաթի մահէն ետք մասնաւոր օրէնքով մը անոր կնոջ` Հայրիյէ հանըմին ցկեանս ամսաթոշակ յատկացուեցաւ եւ անոր բնակութեան վայր տրուեցաւ նախապէս Արամ Ֆընտըքլեան անուն հայու մը պատկանող շէնքը:
Կայքէջին մէջ կը գրուի սակայն, որ Թալէաթ փաշա, որպէս արդիւնք սերունդներու կողմէ գործադրուած ժխտումի եւ խեղաթիւրումի քաղաքականութեան, այսօր կը ծանօթացուի որպէս յարգելի անձնաւորութիւն: Ամէն ճիգ կը վատնուի, որպէսզի երբեմնի այդ քաղաքագէտը մաքուրի հանուի: Հիմա իր անունով հիմնուած «Թալէաթ փաշա կոմիտէն» սովորութիւն դարձուցած է ամէն տարի փառաւոր հանդիսութիւններով անոր յիշատակը ոգեկոչել անոր մահուան տարելիցի օրով:
Ամէնէն հետաքրքրականն ալ այն է, որ կայքէջը պատրաստած է շատ երկար ցանկ մը, ուր ցոյց կը տրուին այն թաղամասերը, այն փողոցներն ու պողոտաները, այն մզկիթները կամ դպրոցները եւ այլ շէնքերն ու հաստատութիւնները, որոնք այսօր կոչուած են Թալէաթ փաշային անունով: Ցանկին մէջ կան մօտաւորապէս 50 թաղամասեր, պողոտաներ, դպրոցներ, մզկիթներ եւլն., որոնք այսօր կը կրեն Թալէաթ փաշային անունը` որպէս այս երկրին անմոռանալի նախկին երախտաշատ քաղաքագէտներէն մէկը:
Յիշենք այդ երկար ցանկէն քանի մը անուններ:
Թալէաթ փաշա թաղամասեր` Էտիրնէի մէջ, Պոլսոյ Պալըքփազարի մէջ, Էսենեուրթ, Սաատեթ Տերէի մէջ, Պոլիս Գեաղըթհանէ, Կիւթեփէ, Օգմէյտանը կամ Զմիւռնիոյ Պերկամա, Կեսարիա Գոճա Սինան, Արկընճըք, Թեքիրտաղի Չորլու, Շեհսինան թաղամասերուն մէջ:
Այսպէս կը յաջորդեն նաեւ գլխաւոր պողոտաներ եւ մասնաւորաբար դպրոցներ` գլխաւորութեամբ «Թալէաթ փաշա լիսէ»-ի:
Կայ նաեւ Պոլսոյ Սուլթան Ահմեթ թաղամասին մէջ «Թալէաթ փաշա» ապարանք մը, որ երկարատեւ վերանորոգութենէ ետք, 2011 թուականի մայիսին Պոլսոյ մայր քաղաքապետ Գատիր Թոփպաշի կողմէ հրամցուած է «Միացեալ քաղաքներու եւ շրջանային վարչութիւններու Միջին Արեւելքի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութեան» գործադրութեան:

