Այնճար. Համացանցի Կայքէջի Բացում

Շաբաթ, 27 ապրիլ 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Այնճարի «Մուսա լեռ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ` Այնճարի հոգեւոր պետերուն, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, միութեանց ներկայացուցիչներուն եւ համացանցով հետաքրքրուած հայրենակիցներու, տեղի ունեցաւ համայն մուսալեռցի-այնճարցիներու պաշտօնական կայքէջին բացումը:

Ձեռնարկին բացումը ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի համացանցի յանձնախումբին անունով կատարեց տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան: Ան անդրադարձաւ ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ-ԱՅՆՃԱՐ համացանցի կայքէջի գործունէութեան` անցնող 12 տարիներուն ընթացքին, յատկապէս շեշտելով այս էջին կարեւորութիւնն ու օգտակարութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս աշխատանքը սկսող անդամներուն, յատկապէս` Րաֆֆի Մախուլեանին, Վիգի Գարագաշեան-Այնթապեանին եւ Վարուժ Չիլինկիրեանին, որոնք հիմը դրած էին այս կայքէջին: Ան անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, թէ օրին կայքէջը անգլերէնով էր միայն եւ սահմանափակուած էր միայն Այնճարի մասին լրատուութեամբ:

Տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան յայտնեց նաեւ, որ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն անցնող շրջանին որոշած էր կայքէջը հիմնական վերանորոգումի ենթարկել եւ զայն դարձնել երկլեզու` ծաւալուն բովանդակութեամբ եւ աւելի արդիական: Այս աշխատանքին համար կազմուեցաւ քառանդամ յանձնախումբ մը, որ գործի սկսաւ անցնող օգոստոսին` պատրաստելու համար նոր կայքէջը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգտակար հանդիսացան այս աշխատանքին:

Բացման խօսքէն ետք, յանձնախումբի տարած աշխատանքներուն մասին մանրամասն զեկուցում մը ներկայացուց Եսայի Հաւաթեան: Ան ներկայացուց աշխատանքի ընթացքն ու դժուարութիւնները` անդրադառնալով տարուած աշխատանքի ծաւալին եւ կարեւորութեան: Ան յայտնեց, որ համացանցի նոր կայքէջը կոչուած է դառնալու համայն մուսալեռցիներու հանդիպման վայրը եւ բոլոր ուժերը իրար կապող օղակը:

Ապա, ընկերակցութեամբ Ցոլակ Հերկելեանի, ներկայացուեցաւ նոր կայքէջը իր տարբեր գլուխներով եւ ընդարձակ բովանդակութեամբ:

Կայքէջի ներկայացումէն ետք ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն յատուկ մետալներով պատուեց անցեալի չորս պաշտօնեաները` Տիգրանուհի Քիւսպեքեանը, Ազատիկ Հերկելեանը, Լուսիկ Տէր Գալուստեանը եւ Մարինէ Գարայեանը:

Իր կատարած բացառիկ ներդրումին համար կոմիտէն Ոսկեայ զինանշանով պատուեց նաեւ Ցոլակ Հերկելեանը:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում  եւ հիւրասիրութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES