Լիբանանեան Հայկական Աւանդներու Ակումբ. «Ճանաչումէն Հատուցում» Նիւթով Քննարկում` Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ
Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Լիբանանեան հայկական աւանդներու ակումբ»-ին, երէկ` երկուշաբթի, 29 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նոյն համալսարանի «Չարլզ Հոսթլըր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ` «Ճանաչումէն հատուցում» նիւթով:
Ձեռնարկը կլոր սեղան-զրոյց մըն էր, որուն համար յատուկ հրաւէրով («Լիբանանեան հայկական աւանդներու ակումբ»-ին կողմէ) ներկայ էին Միացեալ Նահանգներէն թուրք այլախոհ պատմաբան դոկտ. Թաներ Աքչամ եւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան:
Ձեռնարկին սկիզբը, վերոնշեալ ակումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Վահէ Սեֆերեան, որ նշեց, թէ ձեռնարկը իւրայատուկ է իր բնոյթով ու հիւրերով եւ որ շարունակութիւն մըն է անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած ոգեկոչման հանդիսութեան` «Ֆայհա» երգչախումբին մասնակցութեամբ, 25 ապրիլ 2013-ին: Սեֆերեան աւելցուց նաեւ, որ հայ ուսանողութիւնը նշեալ ակումբին ճամբով պիտի շարունակէ իր ձեռնարկներով օտարներուն ծանօթացնել Հայ դատը:
Ապա խօսք առաւ օրուան պատմութեան բաժինի դոկտորայի թեկնածու Թայլըր Պրանտ, որ ներկայացուց Աքչամն ու Մուրատեանը:
Անմիջապէս ետք դոկտ. Աքչամ արտասանեց իր խօսքը, որուն հիմնական մասը յատկացուցած էր «ցեղասպանութիւն» բառի բացատրութեան, ապա Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրագործուած Մեծ եղեռնին եւ այս ուղղութեամբ թրքական արխիւներուն մէջ տեղ գտած փաստերուն:
Ապա Խաչիկ Մուրատեան ուսումնասիրուած կերպով ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Սուրիոյ մէջ կայք հաստատած հայկական գաղթակայանները (յատկապէս Հալէպի եւ Տէր Զօրի):
Ներկայացումներէն ետք օրուան զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն:

