Դամասկոսի Մէջ Իրավիճակը` «Ազդակ»-ի Թղթակիցին Վկայութեամբ
Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ մայրաքաղաքին մէջ անցնող օրերուն որոշ հանդարտութիւն մը կը տիրէր, մինչ ապահովական զարգացումները կը կրկնուէին` թնդանօթներու ու միջին զէնքերու հարուածներու ձայներ արուարձաններուն կողմէն եւ պայթուցիկներու ականազերծում:
Իսկ երէկ առաւօտ ահաբեկչական պայթում տեղի ունեցաւ Մազզէ Վիլլաթ շրջանին մէջ` Իպն Ռուշտ հանրային պարտէզին կողքին` թիրախ ունենալով վարչապետ Ուաէլ Հալքիի անցնող շքախումբը: Սուրիական կայանը հաստատեց, որ վարչապետը ողջ առողջ է` նշելով, որ պայթումը նիւթական վնասներու կողքին քանի մը զոհ եւ մէկ տասնեակէ աւելի վիրաւոր պատճառած է: Նշենք, որ Մազզէ Վիլլաթը շրջան մըն է, ուր կը գտնուին նաեւ դպրոցներ եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու բնակարաններ ու դեսպանատուներ:
Պաշտօնական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ անցնող օրերուն ընթացքին սուրիական բանակը ոչնչացուցած է զինեալներու խմբակներ Պարզէ շրջանին մէջ, եւ բախումներ արձանագրուած են զինեալ խմբակներու հետ Ժոպար, Հարասթա, Հսենիէ եւ Տարէա շրջաններուն մէջ, ուր բանակը յաջողած է ոչնչացնել զինամթերքով լեցուն կեդրոններ:
Հալէպի Պայթումներուն Պատճառով
Թեթեւօրէն Վիրաւորուած Են Երկու Հայեր
Երէկ երեկոյեան «Ազդակ» հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ տեղեկացուց, թէ երէկ հրասանդի 9 հրթիռներ արձակուեցան Հալէպի քրիստոնէաշատ բնակութեամբ Սուլէյմանիէ, Համիտիէ, Նեյելի եւ հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շրջաններուն վրայ: «Այդ պատճառով մարդկային զոհերու թիւը առայժմ 4 հոգի է, կան նաեւ աւելի քան 20 վիրաւորներ», ընդգծեց Ժիրայր Ռէյիսեան:
«Այս թիւերուն մէջ հայեր չկան, սակայն համաձայն մեզի հասած տեղեկութեանց, թեթեւօրէն վիրաւորուած են երկու հայեր, որոնք մտահոգիչ ոչ մէկ հարց ունին», ընդգծեց Ռէյիսեան` աւելցնելով, որ պայթումներէն մէկուն պատճառով Սուլէյմանիէի մէջ շէնք մը կրակ առած է, այս պատճառով ալ բնակիչները դուրս եկած են բնակարանէն, մինչեւ հրդեհին վերջ գտնելը:
«Այս բոլոր պայթումները բնականաբար նաեւ պատճառ դարձած են նիւթական մեծ վնասներու», աւելցուց Ռէյիսեան:

