Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի «Սի.Այ.Էյ.»-ը Աւելի Քան 10 Տարիէ Ի Վեր Միլիոններ Կը Փոխանցէ Քարզային
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ը արդէն աւելի քան տասը տարիէ ի վեր միլիոնաւոր տոլարներ կը փոխանցէ Աֆղանիստանի նախագահ Համիտ Քարզային:
«Աւելի քան տասը տարիէ ի վեր ամէն ամիս ամերիկեան տոլարները ճամպրուկներով, պայուսակներով կամ ձգախէժէ փաթեթներով կ՛ուղարկուին Աֆղանիստանի նախագահի գրասենեակ: Իբրեւ արդիւնք Համիտ Քարզայ արդէն կանխիկ ստացած է տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ», կը գրէ թերթը` վկայակոչելով Աֆղանիստանի նախագահի մերձաւոր շրջապատի ներկայացուցիչները:
«Մենք զանոնք կ՛անուանենք «ուրուական դրամներ»: Անոնց յայտնուիլը մեզի համար միշտ գաղտնիք մնացած է», օրաթերթին պատմած է Հալիլ Ռոման, որ 2002-2005-ին գլխաւորած է Քարզայի աշխատակազմը:
«Նիւ Եորք Թայմզ» կ՛ընդգծէ, որ այդ ձեւով «Սի.Այ.Էյ.»-ը կը գնէ աֆղան ղեկավարին եւ անոր մերձաւոր շրջապատին դիրքը, իսկ անոնք, իրենց կարգին, այդ գումարին միջոցով դաշտային հրամանատարներու հետ համաձայնութիւն կը կնքեն:
Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը կը վստահեցնէ, որ այդ միջոցները «կը քայքայեն Աֆղանիստանէն հեռացման Ուաշինկթընի ռազմավարութիւնը»:
«Աֆղանիստանի մէջ փտածութեան մեծագոյն աղբիւրը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու մէջ», ըսած է ամերիկացի պաշտօնատար մը:
Ըստ օրաթերթին, «Սի.Այ.Էյ.»-ը այդ ձեւով կը գործէ 2001-էն` Աֆղանիստան ամերիկեան զօրքի ներխուժման սկիզբէն:
Երէկ աւելի ուշ Քարզայ հաստատեց «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի հրապարակած լուրին ճշմարտացիութիւնը:


