«Հարաւային Կովկասը Միջազգային Ընտանիքին Աջակցութեան Կարիքը Ունի» Կ՛ըսէ Իվանիշվիլի
«Նովոսթի Կրուզիա» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի ՕԹԱՆ-ի Ռոզ-Ռոթ խորհրդարանական ժողովի 83-րդ սեմինարին ընթացքին յայտարարած է, որ Հարաւային Կովկասը, ինչպէս միշտ, միջազգային հանրութեան աջակցութեան կարիքը ունի, որովհետեւ տագնապներու լուծումներու հեռանկարներ տակաւին չկան եւ մինչեւ հիմա ալ անոնց վերսկսման վտանգ կայ:
«Ցաւօք սրտի, մեր շրջանին մէջ տակաւին տագնապներու վտանգ կայ: Շրջանը յետխորհրդային անցումային հոլովոյթին մէջ գտնուող ամէնէն բարդ տարածքներէն մէկը կը նկատուի: Այս փոքրիկ տարածքին մէջ երկու միջազգային եւ երեք շրջանային տագնապ կայ: Այսօր Հարաւային Կովկասը միջազգային հանրութեան աջակցութեան կարիքը շատ ունի», յայտարարած է Իվանիշվիլի:
«Կրուզիա օնլայն» կը յայտնէ, որ Վրաստանի վարչապետը նշած է, որ Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցելուն որոշակի հոլովոյթներ կը խանգարեն:
«Մենք ամբողջովին պատրաստ ենք ՕԹԱՆ-ի կազմին մէջ մտնելու, սակայն որոշ հոլովոյթներ կը խանգարեն մեր անդամակցութիւնը, մասնաւորաբար, մեր տարածքներուն մէկ մասը բռնագրաւուած է, սակայն, կը կարծեմ, մօտակայ ժամանակաշրջանին մեր աշխուժութեան եւ այդ ռազմավարութեան շարունակման շնորհիւ` Վրաստան ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիր պիտի դառնայ», յայտարարած է ան:
«Քորթեարտ Մարիոթ» պանդոկին մէջ 29 ապրիլէն 1 մայիս տեղի ունեցող սեմինարին նիւթն է «Հարաւային Կովկասը, աշխարհաքաղաքականութիւնը, Եւրոպական Միութեան համարկումն ու ներքին մարտահրաւէրները»: Սեմինարը տեղի կ՛ունենայ Զուիցերիոյ կառավարութեան աջակցութեամբ:


