Յունաստանի Խորհրդարանը Որդեգրեց 8.8 Միլիառ Եւրոյի Վարկ Ստանալու Անհրաժեշտ Օրէնքը
Յունաստանի խորհրդարանը կիրակի ուշ գիշերին որդեգրեց օրէնք մը, որուն հիմամբ 15 հազար պետական պաշտօնեաներ մինչեւ յառաջիկայ տարուան վերջաւորութիւնը պիտի կորսնցնեն իրենց աշխատատեղիները: Այսպիսով օրէնքը, որ Եւրոպական Միութենէն 8.8 միլիառ եւրօ (11.4 միլիառ տոլար) վարկ ստանալու նախապայման մըն է, կը շրջէ պետական պաշտօնեաներու ցկեանս աշխատատեղի ունենալու մասին սահմանադրական երաշխիքը:
Օրէնքը որդեգրուեցաւ 168 թեր եւ 123 դէմ քուէներով եւ կը վայելէր համաձայնական կառավարութեան մաս կազմող երեք կուսակցութեանց զօրակցութիւնը: Նշենք, որ վարչապետ Անթոնիս Սամարասի ղեկավարութեամբ պահպանողական կառավարութիւնը 300 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ 167 աթոռ ունի:
Երկու հազար պետական պաշտօնեաներ գործազուրկ պիտի դառնան յունիսի վերջաւորութեան, 2 հազար ուրիշներ` տարուան վերջաւորութեան եւ մնացեալ 11 հազարը` մինչեւ 2014-ի վերջը: Օրէնքի քննադատները կը նշեն, որ օրէնքին որդեգրումը պիտի աճեցնէ Յունաստանի մէջ գործազրկութեան արդէն իսկ 27 առ հարիւրի հասնող համեմատութիւնը:
Մինչ օրէնքի քննարկում տեղի կ՛ունենար, աշխատաւորական միութիւնները խորհրդարանին առջեւ բողոքի ցոյց կը կատարէին ընդդէմ «երեսփոխաններու, որոնք կը լուծարեն պետական ծառայութեան մարզը եւ կը քանդեն բարօրութեան պետութիւնը»:


