Ուժգին Պայթում Մը Ցնցեց Կեդրոնական Փրական

Ուժգին պայթում մը երէկ ցնցեց Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի կեդրոնը` պատճառելով 40 վիրաւորներ, որոնցմէ չորսը` մարմնական լուրջ վնասներ կրած են: Պայթումը նաեւ վնասներ պատճառեց շէնքի մը:

Չեխ ոստիկանութիւնը կը յայտնէ, որ պայթումը, որ մօտակայ շէնքերու պատուհանները փշրեց, մեծ հաւանականութեամբ կազի սպրդումի պատճառով էր: Չեխական լրատուամիջոցներ` մէջբերելով ականատեսներու վկայութիւններ, հաղորդեցին, որ պայթումէն առաջ փողոցին մէջ կազի նկատառելի հոտ կար:

Պայթումը տեղի ունեցաւ Տիվատելինի փողոցին մէջ` Վլթաւա գետին եւ երկրին Ազգային թատրոնի սրահին մօտ:

Ոստիկանութեան բանբեր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ պայթումի ընթացքին 15 անձեր կը գտնուէին շէնքին մէջ, ուր կը գտնուին շարժանկարի դպրոց մը եւ Փրակայի Չարլզ համալսարանի ընկերային գիտութեանց կաճառը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )