Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի յատուկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան բաւարար ժամանակ ունի կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը արգելակող խոչընդոտները լուծելու:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար զօր. Ռոժէ Սալեմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի գործակցութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքներուն որդեգրած քայլերը` Լիբանանի մէջ թրքական շահերուն դէմ:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին գործակցութեամբ կարելի եղաւ Ղաժար գիւղաքաղաքին մէջ իսրայէլեան ուժերը արգիլել փշաթելեր զետեղելէ:

ԵՐԷԿ առաւօտեան անծանօթներ կրակած են Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթին դէմ:

ԱՌԱՆՑ օդաչուի օդանաւը, որ Իսրայէլի վերեւ թռիչքներ կը գործէ, Պէյրութէն ընթացք չէ առած:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական խորհրդական հաժ Հիւսէյն Խալիլ շեշտեց, որ կառավարութեան իշխանութեան նստաշրջանը կարճ է եւ այդ իրականութիւնը չի ներեր, որ նախարարութիւնները այս կամ այն կողմին յանձնելու պարագային հիմնական փոփոխութիւն արձանագրուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կարեւոր են եւ բացարձակ անհրաժեշտութիւն: Ան նշեց, որ Սուրիոյ դէմ պատերազմը Լիբանանի դէմ պատերազմ չէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայել Պոկտանով իր հանդիպումներուն ըսած է, թէ Մոսկուա Հըզպալլայէն պահանջած է Սուրիոյ մէջ կռուող իր մարտիկները տուն կանչել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն պիտի անդրադառնայ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններուն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկու ամիսէ ի վեր յարաբերութիւնները բարելաւուած են:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ մինչեւ օրս ընտրական ոչ մէկ համախոհական օրէնք կայ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն մօտ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը քուէարկութեան պիտի չդնէ, բացի եթէ իրեն համար յստակ մեծամասնութիւն մը գոյանայ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, յայտնեց, որ իրենք վարչապետ Թամմամ Սալամէն չեն պահանջած կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդ մը ունենալու իրականութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքին ապրած ներկայ տեղքայլին պատճառները Հըզպալլան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն են:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )