Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Պաշտպանութեան Նախարարը

Ղոսըն եւ զօր. Քահուաժի

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան մէջ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սուրիական սահմանին վրայ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւնները եւ բանակին վերաբերող զարգացումներ:

Միւս կողմէ, զօր. Քահուաժի ընդունեց Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերով բրիտանացի պետական նախարար Էլիսթըր Փորթը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրի եւ բրիտանական դեսպանատան զինուորական կցորդ Ճէյմս Քուշնըրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )