Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները

Սալամ` առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանիքներուն պատուիրակութեան հետ հանդիպման պահուն

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները, որոնց հետ քննարկեց անոնց հարազատները ազատ արձակելու իմաստով ի գործ դրուած ջանքերը:

Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց առեւանգուածներու ընտանիքներուն իրենց քայլերը շարունակելու` մնալով օրէնքի եւ կանոնի սահմաններուն մէջ:

Ան շեշտեց, որ ինք կը բաժնէ ընտանիքներուն ցաւը` աւելցնելով, որ ոչ մէկ կերպով պիտի զլանայ այդ թղթածրարին հետապնդումին առումով:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը մինչեւ վերջ կը զօրակցի առեւանգուածներու թղթածրարին:

Հանդիպումէն ետք առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանիքներուն անունով Մեհտի Զղէյպ յայտնեց, որ իրենք հանգիստ կը զգան վարչապետին կեցուածքներուն նկատմամբ եւ յաջողութիւն կը մաղթեն անոր կառավարութեան կազմութեան առումով:

Ան շեշտեց, որ իրենք պահանջած են, որ լիբանանեան պետութիւնը դիւանագիտական գետնի վրայ զօրակցի իրենց արշաւին: Ան նաեւ ըսաւ, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները պիտի շարունակեն իրենց քայլերը, որոնց ընդմէջէն ցայժմ ոչ ոքի վնաս հասցուցին:

Եւ փաստօրէն անոնք երէկ իսկ շարունակեցին իրենց մագլցողական քայլերը եւ պահանջեցին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող թրքական հաստատութիւններուն բոլոր պաշտօնեաները վտարել:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները, որոնք զուգադիպաբար կ՛անցնէին Կեդրոնական Պէյրութէն, նշմարեցին, որ թրքական օդանաւային ընկերութեան գրասենեակն ու թրքական մշակութային կեդրոնը բաց են եւ հոն թուրք պաշտօնեաներ կ՛երեւին:

Հետեւաբար անոնք թէ՛ գրասենեակը եւ թէ՛ մշակութային կեդրոնը հում հաւկիթներու թիրախ դարձուցին եւ մարդկային շղթայ մը շինելով փակեցին Կեդրոնական Պէյրութի փողոցները` պատճառելով երթեւեկի ահաւոր խճողում:

Անոնք շեշտեցին, որ Պէյրութի մէջ իրենք պիտի չարտօնեն թուրք պաշտօնեաներուն աշխատանքը, մինչեւ իրենց հարազատներուն ազատ արձակումը:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները դարձեալ հրաւիրեցին լիբանանցիները մասնակցելու վաղը` 1 մայիսին Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք բողոքի ցոյցին: Անոնք ընդգծեցին, որ 1 մայիսէն ետք մագլցողական քայլերը աւելի լուրջ պիտի ըլլան:

 

Share this Article
CATEGORIES