Միքաթի – Ֆապիւս Հանդիպում
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան համար, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ ինք երախտապարտ է ֆրանսացի պատասխանատուներուն ցուցաբերած զօրակցութեան` վարչապետութեան իր հանգրուանին ընթացքին:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուած պիտի մնան` քաղաքական, տնտեսական եւ այլ մարզերու առումով:
Միքաթի շեշտեց, որ Ֆրանսա պէտք է շարունակէ օժանդակել ֆրանսական կառավարութեան որդեգրած ծրագիրին, որուն նպատակն է օժանդակել լիբանանեան բանակին կարողութիւններուն հզօրացման:
Ան դարձեալ կոչ ուղղեց Ֆրանսայի Լիբանանին օժանդակելու` սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին առնչութեամբ: Ան աւելցուց, որ Լիբանան այլեւս չի կրնար հանդուրժել այդ թղթածրարին բանեցուցած տնտեսական, մարդկային եւ ժողովրդագրական ճնշումը:
Իր կարգին, Ֆապիւս յայտնեց, որ Ֆրանսա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Ֆրանսա երկկողմանի գործակցութեան եւ մտերմութեան` գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ:
Ֆապիւս յայտնեց, որ Փարիզ կը զօրակցի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան:
Ֆապիւս նաեւ նշեց, որ Ֆրանսա գիտէ, թէ ի՛նչ ջանքեր ի գործ կը դրուին Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուած օժանդակութիւններուն առումով:
Միւս կողմէ, Ֆապիւս ողջունեց Միքաթին Լիբանանի ապահովական կայունութեան համար անոր թափած ճիգերուն, յատկապէս Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին առումով:


