Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրադարձութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակը:
Քննարկումները կատարուեցան յատուկ նիստի մը ընթացքին, մասնակցութեամբ` հրաժարեալ կառավարութեան մէջ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար զօր. Ռոժէ Սալեմի:
Հանդիպումին ընթացքին անհրաժեշտ բոլոր ցուցմունքները տրուեցան` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ բանակի հրամանատարին հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի ապահովութիւնը պահպանելու քայլերը:
Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերով բրիտանացի պետական նախարար Էլիսթըր Փորթը, որուն հետ քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցով գումարուելիք միջազգային խորհրդաժողովին կայացման գծով Բրիտանիոյ օժանդակութեան հեռանկարները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:


