«Չեմ Մտածեր 15 Մայիսէն Առաջ Խորհրդարանը Նիստի Մը Հրաւիրել» Շեշտեց Նեպիհ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ եւ Հիշամ Նասրէտտին:

Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ իրենք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուած են Պըրրիի մօտ` աւելցնելով, որ լիբանանեան տարբեր լրատուամիջոցներուն յայտարարած այն լուրերը, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութիւնը Պըրրիի պիտի փոխանցէ Ժոմպլաթի «Ո՛չ»-ը, անճիշդ են:

Ապու Ֆաուր ընդգծեց, որ իրենք Պըրրիի հետ հասած են այն եզրակացութեան, որ անոր ներկայացուցած խառն ընտրական օրինագիծը յարմարագոյնը չէ:

Ան նշեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ իրենց յարաբերութիւնը խորհրդակցութիւնները շարունակելու եւ աւելի լաւ ընտրական օրինագիծ մը մշակելու ջանքերը ընթացքի մէջ պահելու յարաբերութիւն են:

Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի մշակման շուրջ քննարկումները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ կարելի ըլլայ յանգիլ համախոհական ընտրական օրէնքի մը: Ան յոյս յայտնեց նաեւ, որ  երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կը կատարուին:

Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ մղուող ամերիկեան-եւրոպական-սիոնական պատերազմը իր հետեւանքները եւ վտանգները կրնայ ունենալ ամբողջ շրջանին վրայ:

Ալի նշեց, որ պէտք է զգուշանալ շրջանին սպառնացող սադրանքներէն:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի Պըրրիի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք շեշտեց, որ քննարկումները կեդրոնացան Լիբանանի մէջ նոր կառավարութեան մը կազմութեան, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումին շուրջ:

Խորհրդարանի նախագահը մաղթեց, որ բոլոր այս ջանքերը յանգին յստակ արդիւնքի մը:

Փլամպլի ընդգծեց նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ չէզոք կեցուածքը պահպանելու եւ «Պաապտայի յայտարարութեան» կառչած մնալու կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ Պըրրի «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ ինք չի մտածեր 15 մայիսէն առաջ խորհրդարանը նիստի հրաւիրել, այլ կ՛աշխատի շարունակել իր ջանքերը` յանգելու համար համախոհական ընտրական օրէնքի մը:

Share this Article
CATEGORIES