«Երեւանի Մէջ Դրական Փոփոխութիւններու Գլխաւոր Գրաւականը Ընդդիմադիր Քաղաքապետի Առկայութիւնն Է» Նշեց Վահան Յովհաննիսեան

Դաւթաշէն վարչական շրջանին մէջ Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ ընտրութիւններու քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ բնակիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ այսօր Երեւանի մէջ առկայ վիճակը ուղղակի ողբերգական է:

Ան նշեց, որ Դաւթաշէնի բնակիչներուն հետ հանդիպումներէն եկած են այն եզրակացութեան, որ այս վարչական շրջանի գլխաւոր խնդիրը փոխադրամիջոցներն են: «Կը թուի, որ կամուրջը կառուցուեցաւ եւ Դաւթաշէնը շատ մօտ դարձաւ կեդրոնին: Սակայն այդ մօտ ճամբան տակաւին պէտք է անցնիլ», ըսաւ Յովհաննիսեան:

Վահան Յովհաննիսեան բաղդատութիւն կատարեց Երեւանի եւ Փարիզի ջրամատակարարումներուն միջեւ` նշելով, որ իր չափերով Երեւան գրեթէ հաւասար է Փարիզին, սակայն բնակչութեամբ քանի մը անգամ կը զիջի Ֆրանսայի մայրաքաղաքին: «Օրական Փարիզ կը մտնէ նոյնքան ջուր, որքան Երեւան, սակայն Փարիզի ջրամատակարարման տեսանկիւնէն ամէն ինչ կարգին է, 20-րդ յարկը ջուր կը հասնի, իսկ Երեւանի մէջ` ոչ: Եթէ դուք կը կարծէք, որ անոր հիմնական մեղաւորը ջրամատակարարումով զբաղող կառոյցներն են, ապա կը սխալիք: Գլխաւոր խնդիրը վատ տնտեսավարումն է», յայտնեց ան:

Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին, Երեւանի մէջ աւագանիի կառոյցը մինչեւ այսօր ինքզինք որեւէ դրական ձեւով չէ դրսեւորած: Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը տարիներ շարունակ պայքարած է, որպէսզի Երեւանի իշխանութիւնները կազմաւորուին ընտրութիւններու միջոցով: 2005 թուականին սահմանադրական բարեփոխումներուն իբրեւ արդիւնք թէեւ ատիկա իրականութիւն դարձաւ, սակայն, ըստ Յովհաննիսեանի, անկէ վիճակը էականօրէն չփոխուեցաւ, իսկ պատճառն ալ այն էր, որ Երեւանի աւագանին կը կազմաւորուի նոյն ձեւով, ինչպէս միւս ներկայացուցչական մարմինները:

Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, Երեւանի մէջ դրական փոփոխութիւններու գլխաւոր գրաւականը ընդդիմադիր քաղաքապետի առկայութիւնն է:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը յայտնեց, որ ճիշդ չէ այն կարծիքը, թէ Դաշնակցութիւնը անպայման կ՛ուզէ դաշնակցական քաղաքապետ ունենալ: Ըստ անոր, ամէնէն կարեւորը այն է, որ 5 մայիսին ընդդիմութիւնը յաղթէ ընտրութիւններուն եւ միաւորուելով կարենայ ընտրել ընդդիմադիր քաղաքապետ: Ան աւելցուց, որ ներկայիս գլխաւոր խնդիրը այն է, որ ընդդիմադիր բոլոր ուժերը կարենան յաղթահարել Երեւանի աւագանի մուտք գործելու համար անհրաժեշտ շեմը, բոլորով միասին աւելի շատ ձայներ ունենալ, քան իշխանութիւնը:

Վահան Յովհաննիսեան նաեւ յայտնեց, որ Երեւանի մէջ ընդդիմութիւնը իշխանութեան գալով հաշուետու պիտի ըլլայ ժողովուրդին առջեւ եւ իրականացնէ բնականոն եւ Երեւանի զարգացման միտուած գործունէութիւն` բաղդատմամբ ներկայ իշխանութիւններուն:

 

Share this Article
CATEGORIES