Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր գործերը աւելի զարգացնելու համար դիմեցէք նոր ձեւերու, որով պիտի կարենաք յաւելեալ յաջողութիւններ ունենալ: Ձեր վերելքը կրնայ ապագայի ապահովութիւնը հաստատել:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հեռու կը մնաք եւ կը խուսափիք անձէ մը, զոր չէք ճանչնար: Առիթ տուէք անոր, որպէսզի փոխադարձ ծանօթացումը զարգանայ եւ ըլլաք լաւ բարեկամներ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դրամական հարց մը, որ կը վերաբերի փոխատուութեան մը, ձեզի կը թելադրէ ըլլալ ուշադիր, որովհետեւ լաւ չէք ճանչնար այն անձը, որուն դրամ փոխ պիտի տաք: Լաւ քննարկեցէք նախքան գործի անցնիլը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այսօր քիչ բան կրնաք ձեռք ձգել, որովհետեւ ձեր ակնկալածը տակաւին կարելի չէ յայտարարել: Պէտք է քիչ մը եւս սպասէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր մարմինը կրնայ տկարութիւն ունենալ, եթէ շարունակէք շատ յոգնիլ: Պէտք է յարգէք ձեր բնական կարիքները` հանգիստ եւ լաւ քուն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուրիշը սիրելու համար նախ պէտք է սիրէք ձեր անձը, այսինքն սիրել գիտնաք: Օրը պիտի ապրիք սիրալիր մթնոլորտի մէջ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երբեմն շատ խիստ էք, երբ կ՛արտայայտէք ձեր կարծիքը: Ուրեմն ուշադիր եղէք, նախքան խօսիլը չափաւորեցէք ձեր միտքերը եւ ըստ այնմ արտայայտուեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ դրամական հարց ունենաք, ջանացէք գտնել լուծում մը` առանց իրար անցնելու: Օրը կը թելադրէ ըլլալ խոհեմ ամէն տեսակէտով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր պիւտճէն բաւարար չէ` ձեր ուզածը կարգադրելու: Ուրիշ ձեւ մը գտէք դրամ շահելու: Օրուան ընթացքին մնացէք հանդարտ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մեկուսի մի՛ կենաք, ոչ ալ ուրիշներէն տարբեր տրամադրութիւն ունեցէք: Ամէն մարդ ունի իրեն յատուկ տեղ մը: Օրը ունի զգուշ ըլլալու թելադրանք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր բարձր տրամադրութիւնը եւ առողջութիւնը միասին կ՛ընթանան, մէկը միւսին կ՛օգնէ: Մնացէք պահապանը այս երկու արժէքներուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր կեանքին կարեւոր մէկ հանգրուանը պիտի ապրիք: Ուշադրութեամբ հետեւեցէք ձեր կեանքի ելեւէջներուն: Օրը աշխուժ է: