50 Տարի Առաջ ( 1 Մայիս 1963)
Խմբագրական
Մայիս 1
Համայն աշխարհի աշխատաւորներու տօնն է վաղը` մայիս 1, այսինքն` աշխարհի բնակչութեան կէսէն աւելիին, անոնց, որոնք իրենց քրտինքով, ամէնօրեայ ճիգերով կը դարբնեն ու կը կառուցեն վաղուան աշխարհը, որ պիտի ըլլայ այնքան մարդավայել ու բարգաւաճ, որքան բախտաւորը, բազուկի ու մտքի, իր աշխատանքի արդար վաստակովը վարձատրուի:
Մօտ մէկ տարիէ ի վեր համայն աշխարհի աշխատաւորութիւնը յարատեւ պայքարի մէջ է իր կեանքի պայմաններու բարելաւման համար: Կարգ մը երկիրներու մէջ այդ պայքարը արդիւնք է հոլովոյթի մը, որ բնական արդիւնքն է գիտական նուաճումներու եւ գիւտերու, որոնք մարդուն առջեւ կը բանան լայն հնարաւորութիւններ` կեանքի ու վայելքի: Ուրիշ տեղեր, այդ օրէնքը յաճախ սուր բնոյթ կը ստանայ յանգելու համար յեղափոխութիւններու, որոնք իրենց նպատակէն կը շեղին յանուն բանուորութեան ստեղծուած բռնատիրական կարգերով:
Մայիս 1-ը, իբրեւ արտայայտութիւնը աւելի բարօր կեանքի մը ձգտումին, լաւագոյնս ըմբռնուած է ընկերվարական երկիրներու մէջ, որոնք կը հաւատան բնական հոլովոյթի եւ աստիճանաբար կը հաստատեն ընկերային այնպիսի կարգեր, որոնք լաւագոյն ձեւով կը պաշտպանեն աշխատաւորին շահերը:
Այն օրէն ի վեր, որ աշխատաւորութիւնը գիտակցեցաւ իր ուժին եւ արդար պահաջներ ներկայացուց, տեղ-տեղ բնականոն կերպով, այլուր յեղափոխութիւններու միջոցով տիրանալով անոնց, ընկերային կարգերը բաւական ճամբայ կտրած են` բարօրութեան տեսակէտէն: Մասնաւորաբար եւրոպական եւ ամերիկեան երկիրներու մէջ, պետութիւնը, նախանձախնդիր իր ժողովուրդի երջակութեան, հաստատած է այնպիսի օրէնքներ, որոնք աշխատաւորները կը պաշտպանեն չարաշահութիւններու դէմ: Ներկայիս այդ երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող բանուորական շարժումները ընդհանրապէս հետեւանք են աշխատավարձերու յաւելումներու. եւ ոչ թէ հիմնական պահանջներու: Արդարեւ, գրեթէ այդ բոլոր երկիրներուն մէջ ստեղծուած են ընկերային ապահովութեան դրութիւններ, որոնք կ՛ապահովեն աշխատաւորին ներկան ու ապագան, այլազան փորձանքներու, հիւանդութեան, անգործութեան կամ այլ պարագաներու դէմ:
Մեր խօսքը մասնաւորելով Լիբանանի, այս փոքր երկիրը, հակառակ անոր որ հազիւ քսան տարի է տիրացած է իր անկախութեան եւ համեմատաբար շատ քիչ ժամանակ ունեցաւ ընկերային տեսակէտէն կազմակերպուելու համար, Միջին Արեւելքի մէջ կը հանդիսանայ տիպար երկիր մը, ուր աշխատաւոր դասակարգը հետզհետէ աւելի կ՛արժեցնէ իր իրաւունքներ. հետեւաբար աստիճանաբար կը ստեղծէ մարդավայել կեանքի մը պայմանները:
Արդէն իսկ խորհրդարանի օրակարգին վրայ է ընկերային ապահովութեան օրէնքը, որուն վաւերացումով Լիբանան պիտի ունենայ ընկերային նոր կարգեր, եւ Լիբանանի աշխատաւորութիւնը տարած պիտի ըլլայ նոր յաղթանակ մը: Պետական նախանձախնդրութեամբ եւ բանուորական կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ ընկերային ապահովութեան ի խնդիր տարուած պայքարը շուտով պիտի տայ իր օրհնաբեր արդիւնքները Լիբանանի ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութեան համար, որ աշխատաւոր դասակարգն է:
Ժամանակին տուած էինք ընդհանուր գիծերը ընկերային ապահովութեան այն ծրագիրին, որ շուտով պիտի պաշտօնականացուի: Շնորհիւ այդ օրէնքին` Լիբանանի աշխատաւորութիւնը պիտի կրնայ աւելի լաւատես ըլլալ ապագային նկատմամբ եւ ձեռք բերել նոր նուաճումներ:
Լիբանան, պետութիւն եւ ժողովուրդ, մայիս 1-ի առիթով կ՛եղբայրանայ համայն աշխարհի այն երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն հետ, որոնք ընկերային բարօր կեանքի մը ձգտումը ունին եւ կը դիմեն լուսաւոր ապագայի մը, ուր մարդը պիտի ըլլայ այս աշխարհին իսկական տէրը` իր մտային ու ֆիզիքական կարողութիւններուն ազատ ու անկաշկանդ փթթումով:

