Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի Ընտրութեան Լոյսին Տակ. Վանական Կարգեր Եւ Միաբանութիւններ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ մեծ դեր կատարած են կրօնական միաբանութիւնները եւ յատկապէս` պենետիկտեանները, սիսթերսեանները, կարմեղեանները, տոմինիքեանները, ֆրանչիսկեանները եւ յիսուսեանները:
Վանական կեանքը կազմակերպուեցաւ քրիստոնէութեան առաջին դարերուն եւ ժամանակի ընթացքին ծնունդ առին կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու միաբանութիւններ:
Մարդիկ կը միանան եւ բարձր պատերով շրջափակուած վանքերու խորհրդազգած մթնոլորտին մէջ միասին բնակելով, աշխարհէ, վայելքներէ եւ ցանկութիւններէ կը հրաժարին եւ հոգեւոր ընտանիք կը կազմեն, ուր ամէն ինչ հաւաքական է: Անոնք անձնուրացութեամբ, անձնուիրութեամբ, զոհողութեամբ եւ նաեւ մարտիրոսութեամբ մարդկային ընկերութեան եւ հոգիներու փրկութեան կը ծառայեն:
Պենետիկտեաններ
Պենետիկտեաններու միաբանութիւնը կազմուեցաւ Սուրբ Պենետիկտոս Նորսիացիի կողմէ, 529-ին, Մոնթէ Քասսինոյի մէջ (Իտալիա) եւ տարածուեցաւ Եւրոպայի ամբողջ տարածքին: Իսկ կրօնաւորուհիներու ճիւղը կազմուեցաւ սուրբին քրոջ` Սրբուհի Սքոլասթիքի կողմէ: Պենետիկտեանները սեւ սքեմ կը հանգին, կնգուղով սեւ ուսնոց կը կրեն եւ սեւ գօտի կը կապեն: Կրօնաւորուհիները եւս նոյն սեւ տարազը կը հագնին, միայն կնգուղի տեղ քօղ կը կրեն:
Պենետիկտեանները շարք մը աբբայութիւններու եւ 21 համախմբումներու բաժնուած են: Լեւոն ԺԳ. պապին որոշումով, 1893-ին կազմուեցաւ պենետիկտեան համադաշնակցութիւնը:
Սիսթերսեաններ
Սիսթերսեաններու միաբանութիւնը կազմուեցաւ Սուրբ Ռոպէր տը Մոլէզմի կողմէ, որ 1098ին հիմնեց Սիթոյի վանքը: Շուրջ 1125-ին ալ կազմուեցաւ սիսթերսեան կրօնաւորուհիներու ճիւղը: Խստակենցաղութիւնը, մենակեցութիւնը, աշխատանքը, գիշերային եւ ցերեկային աղօթքները եւ լռութիւնը միաբանութեան գլխաւոր յատկանիշները կը կազմեն:
Ունին կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու ճիւղեր: Կրօնաւորներ, եղբայրներ եւ կրօնաւորուհիներ սպիտակ սքեմ կը հագնին եւ վրան` գորշ վերարկու:
Սիսթերսեան-թրափիսթներու ճիւղը առանձին կարգ է. Թրափի վանքի (Ֆրանսա, Նորմանտի) աբբահայր Արման Ժան տը Ռանսէ 1662-ին վերահաստատեց սիսթերսեաններու սկզբնական կանոնները եւ 1892-ին կազմուեցաւ թրափիսթներու ճիւղը: Սիթոյի վանքը (Ֆրանսա, Տիժոնէն հարաւ) մայրավանք է: Թրափիսթին կրօնաւորուհիներու վանքերը կապուած են արական ճիւղին:
Կարմեղեաններ
Կարմեղեաններու միաբանութիւնը հիմնուեցաւ հաւանաբար ԺԲ. դարուն, Պաղեստինի Կարմեղ լերան վրայ: Երուսաղէմի լատին պատրիարք Ալպերթ Աւոկատօ 1209-ին հաստատեց միաբանութիւնը: 1187-ին Երուսաղէմ գրաւուեցաւ իսլամներուն կողմէ եւ կարմեղեաններ 1238-ին Եւրոպա փոխադրուելով տարածուեցան տարբեր քաղաքներու մէջ:
Սրբուհի Թերեզա Աւիլացի եւ Սուրբ Ժան տը լա Քրուա ԺԶ. դարուն բարեկարգեցին կարմեղեաններու կարգը:
Կարմեղեանները հոգեւոր հարուստ ժառանգութիւն ունին եւ ճանչցուած են իբրեւ բժիշկ կրօնաւորներ: Անոնք աղքատութիւն կ՛ուխտեն, լռութիւն կը պահեն, ծոմ կը բռնեն, կ՛աղօթեն եւ խոնարհ աշխատանքներ կը կատարեն: Կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները գորշ համազգեստ կը կրեն: Կեդրոն` Հռոմ:
Տոմինիքեաններ
Տոմինիքեան քարոզողներու միաբանութիւնը հիմնուեցաւ սպանացի Սուրբ Տոմինիք տէ Կուսմանի կողմէ, 1215-ին, Թուլուզի մէջ: Ոնորիոս Գ. պապ 22 դեկտեմբեր 1216-ին հաստատեց միաբանութիւնը:
Տոմինիքեաններ արագօրէն տարածուեցան Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ եւ պայքարեցան քաթարներու աղանդին դէմ: Միաբանութեան հիմնական նպատակն է քրիստոնէական կրօնի ուսուցումը եւ քարոզչութիւնը: Ունին 249 վանք, եւ դպրոցներ` աշխարհի չորս ծագերուն: Կրօնաւորներ, եղբայրներ եւ կրօնաւորուհիներ աղօթքով, աշխատանքով եւ ներանձնական հայեցողութեամբ կ՛ապրին: Սպիտակ սքեմ կը հագնին. կրօնաւորները սքեմին վրայ անթեւ ուսնոց եւ սրածայր կնգուղ կը կրեն, նաեւ` սեւ վերարկու, իսկ կրօնաւորուհիները սեւ եւ սպիտակ քօղ կը կրեն: Վարդարանը անբաժանելի է անոնցմէ:
Միաբանութեան կեդրոնը Հռոմի Սանթա Սապինա եկեղեցին է, ուր կը նստի մեծաւորը:
Ֆրանչիսկեաններ
Ֆրանչիսկեան Փոքր եղբայրներու միաբանութիւնը կազմուեցաւ 1209-ին, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի (1181/2-1226) կողմէ: Հարուստ վաճառական Փիեթրօ տի Պեռնարտոնէի որդին, Ֆրանչեսքօ արմատական դարձ մը ունեցաւ դէպի երկնային արժէքները եւ ձգելով ամէն վայելք ու հարստութիւն քաշուեցաւ աշխարհէն ու հասարակութենէն, բացարձակ աղքատութիւն ուխտեց եւ Աստուծոյ ու մարդկութեան ծառայութեան նուիրուելով Աւետարանը քարոզեց եւ ծառայեց սուրբ եկեղեցւոյ եւ աղքատներուն: Իր օրինակէն տարուած հոգեկան զարթօնք մը սկսաւ եւ միաբանութիւնը արագօրէն բազմացաւ: 1220-ին անոնք հինգ հազար հոգի կը հաշուէին: Ոնորիոս Գ. պապ 29 նոյեմբեր 1223-ին հաստատեց միաբանութեան կանոնադրութիւնը:
Ֆրանչիսկեաններ արագօրէն տարածուեցան Եւրոպայի չորս ծագերուն եւ Սուրբ Վայրերուն մէջ, եւ առաքելութիւններ կազմակերպեցին դէպի Կիլիկիա, Հայաստան, Միջագետք, Պարսկաստան, Հնդկաստան, Չինաստան, Մոնկոլիա, Եգիպտոս եւ Ափրիկէի խորերը: 1316-ին անոնք ունէին 1400 վանք եւ 35 հազար միաբան: 1577-ին անոնք մտան Ֆիլիփինեան կղզիներ եւ հասան Ճափոն: Անոնք տարածուեցան Ամերիկեան ցամաքամասի չորս կողմերը եւ հասան Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա:
Ֆրանչիսկեան առաքեալներ կարելի էր գտնել գիւղերու, քաղաքներու, արքունիքներու, դաշտերու, Չինաստանի անծայրածիր ճամբաներուն եւ դէպի Նոր Աշխարհ գացող նաւերուն մէջ:
Ֆրանչիսկեանները կ՛ապրին աղքատութեամբ, ողորմութեամբ, աղօթքով եւ խոկումով: Համազգեստը գոց սրճագոյն պարեգօտ մըն է, վիզին շուրջ եւ ուսին վրայ, դէպի կռնակը իջնող վեղարով եւ տակը կլոր շրջանակուած ուսնոց մը. մէջքին` ճերմակ եւ քանի մը հանգոյցով չուան մը եւ անկէ կախուած վարդարան մը եւ ոտքին` հողաթափ: Ցուրտ օդին վեղարը գլխուն կ՛անցընեն: Ունին 16 հազար միաբան եւ 1500 վանք կամ տուն` աշխարհի չորս ծագերուն: Իւրաքանչիւր վանք ունի իր պահապանը. վանքին մէջ կրօնաւոր, եղբայր, նորընծայ եւ ուսանող միասին կ՛ապրին: Աշխարհը նահանգներու բաժնած են եւ իւրաքանչիւր նահանգ ունի իր մեծաւորը:
Ընդհանուր մեծաւորը կ՛ընտրուի նահանգային մեծաւորներէն: Անցեալին` ցմահ իշխանութեամբ, 1517-էն` 6 տարին անգամ մը,1571-էն` 8, 1587-էն` նորէն 6, 1862-ին` 12 եւ յետոյ դարձեալ 6 տարին անգամ մը եւ վերընտրելի է: Ընդհանուր մեծաւորին կեդրոնը Հռոմի Սանթ Անթոնիօ տա Փատովա եկեղեցին է, որ 1960-ին տիտղոսաւոր եկեղեցի հռչակուեցաւ Յովհաննէս ԻԳ. պապին կողմէ եւ իր կարտինալը ունի:
Միաբանութեան հոգեւոր կեդրոնը Ասսիզին է: Կը գտնուի կեդրոնական Իտալիոյ Օմպրիա երկրամասին մէջ, Հռոմէն 185 քիլոմեթր հիւսիս, Սուպազիօ լերան արեւմտեան լանջին, 424 մեթր բարձրութեան վրայ եւ պահած է իր միջնադարեան դիմագիծը. հոն կը գտնուի Սան Ֆրանչեսքոյի պազիլիքան եւ վանական ընդարձակ համալիրը: Պազիլիքային կառուցումը սկսաւ 1228-ին եւ ամբողջացաւ 1253-ին: Անիկա կառուցուած է բլուրի մը վրայ եւ երկու եկեղեցիներէ բաղկացած է. Վերի եկեղեցի եւ Վարի եկեղեցի (ուր ամփոփուած են Սուրբ Ֆրանչիսկոսի աճիւնները): Ասսիզիէն 4 քիլոմեթր հարաւ, 218 մեթր բարձրութեամբ Սանթա Մարիա տեկլի Անճելի գիւղին Հրեշտակներու Տիրամօր Փործիունքուլա (փոքրիկ) մատուռն է, ուր հին դարերուն ճգնաւորներ ապրած են եւ ուր Սուրբ Ֆրանչիսկոս եւ առաջին միաբանները կայք հաստատեցին:
Սանթա Մարիա տեկլի Անճելիի պազիլիքան կառուցուեցաւ 1562-1679 տարիներուն, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ Փործիունքուլա մատուռը:
Վանական ֆրանչիսկեանները իբրեւ առանձին ճիւղ կազմուեցան 1517-ին եւ վանքերու ու քաղաքներու աղքատ շրջաններու մէջ կեդրոնացած են: Ունին շուրջ 5 հազար միաբան: Ասսիզիի Սան Ֆրանչեսքոյի պազիլիքայի Վարի եկեղեցիին մէջ ամփոփուած Սուրբ Ֆրանչիսկոսի աճիւններուն պահապաններն են: Հռոմի Սանթի Ափոսթոլի պատմական եկեղեցին, կառուցուած` Զ. դարուն եւ վերակառուցուած` 1417-ին եւ 1827-ին, ընդհանուր մեծաւորին կեդրոնատեղին է:
Քափուչին (վեղարաւոր) Փոքր եղբայրներու կարգը կազմուեցաւ ֆրանչիսկեան իտալացի կրօնաւոր Մաթթէօ տա Պասքիոյի նախաձեռնութեամբ, 1525-ին, միաբանութեան սկզբնական շրջանի ապրելակերպին վերադառնալու առաջադրանքով: Անոնք տարածուեցան աշխարհի չորս ծագերուն եւ բուռն պայքար մղեցին բողոքականութեան դէմ: Պօղոս Ե. պապ 1619-ին հաստատեց քափուչինները իբրեւ առանձին ճիւղ:
Ամէնօրեայ ցերեկային եւ կէսգիշերային, ինչպէս նաեւ անձնական աղօթքի պահեր ունին: Ծոմապահութիւնը յաճախակի է եւ կարգապահութիւնը` խիստ: Կը քարոզեն, հոգեւոր հովուական ծառայութիւն կը կատարեն եւ ընկերային ծառայութիւն կը մատուցեն: Համազգեստը գորշ սրճագոյն պարեգօտն է, վիզէն մէջքը հասնող վեղարով եւ աւանդական բուրդէ սպիտակ եւ երեք հանգոյցով չուանով: Ունին շուրջ 11 հազար միաբան` կրօնաւոր եւ եղբայր եւ 1700 տուն` աշխարհի չորս ծագերուն: Կեդրոնը` Հռոմ, Վիա Փիեմոնթէ 70: Հռոմի մէջ կը գտնուին նաեւ Միջազգային քոլեճը եւ Սանթա Մարիա տելլա Քոնսեծիոնէ ստորերկրեայ մատուռ-դամբարանը, ուր ամփոփուած են չորս հազար միաբաններու աճիւնները: Իսկ Վիեննայի Քափուչիններու եկեղեցիին ներքեւ կը գտնուի Հապսպուրկներու կայսերական տան դամբարանը: Ընդհանուր մեծաւորը կ՛ընտրուի վեց տարին անգամ մը:
Ֆրանչիսկեան քլարիստ աղքատ տիկիններու միաբանութիւնը հիմնուեցաւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի հետեւորդ Սրբուհի Քիարայի (1194-1253) կողմէ, Ասսիզիի մէջ, 1212-ի Ծաղկազարդի կիրակին: Համազգեստը` գորշ եւ ճերմակ չուանով տարազ, սեւ քօղ եւ հողաթափ: Ասսիզիի Սանթա Քիարայի տաճարին մէջ ամփոփուած են սրբուհիին աճիւնները: Ունին շուրջ 20 հազար կրօնաւորուհի` աշխարհի չորս ծագերուն:
Քափուչին աղքատ քլարիստներու ճիւղը հիմնուեցաւ 1538-ին, Նափոլիի մէջ, Մարիա Լորենցա Լոնկոյի նախաձեռնութեամբ:
Կոտֆրուա Տը Պուիյոն Եւ Սուրբ Շիրիմի
Ասպետներու ՄիաբանութիւնըԽաչակրական առաջին արշաւանքին գլխաւոր ղեկավարներէն եղաւ կոմս Կոտֆրուա տը Պուիյոն. ան ծնած էր շուրջ 1060-ին, Պրապանթի Պեսի աւանը եւ զաւակն էր Պուլոնյի կոմս Եւստաքիոս Բ.ի. անոր մայրը` Իտա Վարին Լորէնի դուքս Կոտֆրուայի դուստրն էր: Անոր մօրեղբայրը` Կոտֆրուա լը Պոսսիւ 1076-ին զայն Վարին Լորէնի դքսութեան ժառանգորդ հռչակեց, բայց Հռոմէական Սրբազան կայսրութեան կայսր Հայնրիխ Դ. դքսութիւնը իր զաւկին յանձնեց եւ Կոտֆրուայի ձգեց Պուիյոնի տիրոյթը` Արտէններու շրջանին մէջ: Բայց յետոյ, սաքսոններուն դէմ Հայնրիխ Դ. կայսեր մղած պատերազմներուն ժամանակ իր հաւատարմութեան եւ անձնուէր ծառայութեան համար Կոտֆրուա 1089-ին Վարին Լորէնի դուքս հռչակուեցաւ Հայնրիխ Դ.ի կողմէ:
Կոտֆրուա տը Պուիյոն Ֆլաման կոմսերու տոհմէն էր: Ֆլանտրիոյ կոմսութիւնը կազմաւորուած էր 866-ին, Պոտուէն Պրա տը Ֆէրի կողմէ եւ կ՛ընդգրկէր ներկայ Պելճիքայի մեծ մասը, ֆրանսայի հիւսիս-արեւմտեան շրջանը եւ Հոլանտայի հարաւային հողերը: Աշխարհագրական այս գօտին դաշտավայր մըն է: Ծովափը ամբողջ թումբերով եւ աւազակոյտերով եզերուած է. աւելի արեւելք աւազուտներ են, որոշ տեղեր` տղմախառն, եւ մակերեւոյթը աստիճանաբար կը բարձրանայ: Միջին կամ կեդրոնական գօտին կաւային բլուրներէ կազմուած է, իսկ Արտէններու բարձրաւանդակը կաղնիի անտառներով եւ հարուստ արօտավայրերով ծածկուած է: Ֆլանտրիա կը նշանակէ ցածադիր, ողողուած շրջան: Ֆլանտրիոյ հարաւային շրջանի բնակչութիւնը մեծ մասամբ գաղղիական ծագում ունէր. հիւսիսային ծայրամասին մէջ գերմանական բարբառներ կը խօսէին, իսկ ծովափնեայ շրջանին մէջ կը բնակէին նաեւ սաքսոններ եւ ֆրիզական ծագումով համայնքներ: Ֆլամաներէնը հոլանտերէնի բարբառ մըն է, իսկ հարաւի շրջանի բնակիչները որդեգրեցին գաղղիացիներու լեզուն (ներկայ ֆրանսերէն):
Ֆլաման տան սերունդները կազմաւորեցին Հենոյի եւ Պուլոնյի կոմսութիւնները:
Ֆլամանները, ծովեզերեայ բնակիչներ ըլլալով, իրենց ապրուստն ու գոյութիւնը մեծ մասամբ ծովերէն ու ծովային առեւտուրէն կ՛ապահովէին: Այս պատճառով ալ ֆլաման ծովագնացներ հինէն ի վեր Հիւսիսային ծովուն մէջ կարեւոր ներկայութիւն էին:
ԺԱ. դարու կէսէն ետք անոնք սկսած էին երթեւեկել նաեւ Միջերկրականի վրայ եւ կապեր հաստատել ծովեզերեայ քաղաքներուն հետ:
Ֆլամանները նաեւ ճարպիկ ծովահէններ էին եւ անոնց անունը սարսափ կ՛ազդէր ծովերուն վրայ:
«Սուրբ վայրերը անհաւատներէն ազատելու համար», Ուրբանոս Բ. պապ 1095-ին խաչակրութեան կոչ ուղղեց: Եւրոպայի զանազան շրջաններէն կազմուեցան խաչակիրներու մեծաթիւ կանոնաւոր եւ անկանոն բանակներ:
Ջերմեռանդ հաւատացեալ, կոմս Կոտֆրուա ծախեց իր հօրենական ամբողջ կալուածները` հոգալու համար իր եւ հետեւորդներուն ճանապարհածախսը: Ան Պուիյոնի իր դղեակը եւ կալուածները Լիէժի Օթպէրթ եպիսկոպոսին ծախեց: Անոր օրինակին հետեւեցան ուրիշ ազնուականներ ալ: Արշաւախումբին միացած կամաւորները` երեսուն հազար հետեւակ եւ եօթը հազար ձիաւոր, կոմս Կոտֆրուա տը Պուիյոնի եւ անոր եղբայրներուն` Պոտուէնի ու Եւստաքիոսի հրամանատարութեան տակ 1096 օգոստոսին ճամբայ ելան դէպի Արեւելք:
Եւրոպայի տարբեր կողմերէն ուրիշ բանակներ ալ ճամբայ ելան, որոնք բոլորը միասին 1096-ին հաւաքուեցան Պոլիս: Այնուհետեւ անոնք մտան Փոքր Ասիա եւ յաղթական ճակատամարտեր մղեցին Իկոնիոյ սուլթանութեան զօրքերուն դէմ եւ 1097-ին հասան Կիլիկիոյ սահմանները:
Կիլիկիոյ Կոստանդին իշխան լայն օժանդակութիւն տրամադրեց խաչակիրներուն, իսկ հայ վանքերը առատ ուտեստեղէն հայթայթեցին եւ պատսպարեցին անոնց բանակը:
Կիլիկիայէն յառաջանալով` խաչակիր բանակին մէկ թեւը Պոհեմոնտ տը Թարենթէ իշխանին հրամանատարութեամբ հոկտեմբերին պաշարեց Անտիոքը. այլ թեւ մը` Պոտուէն տը Պուլոնյի հրամանատարութեամբ շարժեցաւ դէպի Եդեսիա եւ 1098 մարտի սկիզբը գրաւելով զայն` Արեւելքի մէջ լատինական առաջին իշխանութիւնը հաստատեց: Անտիոք, ամիսներու պաշարումէ ետք, գրաւուեցաւ նոյն տարուան յունիսին, որմէ ետք Պոհեմոնտ տը Թարենթէ հոն իշխանութիւն հաստատեց:
Անտիոքի հարաւը գտնուող Մաարաթ Նումանի գրաւումէն ետք խաչակիրներու բանակը շարժեցաւ դէպի հարաւ:
Պէյրութէն անցնելով` խաչակիրներու բանակը, կոմս Կոտֆրուա տը Պուիյոնի հրամանատարութեան տակ, Ֆաթիմականներու հակակշիռին ենթակայ սահմաններէն ներս մտաւ:
Քրիստոնեայ բանակը` 1200-էն 1500 ձիաւոր եւ տասներկու հազար հետեւակ, 7 յունիս 1099-ին հասաւ Երուսաղէմի մօտակայքը, ուր բանակեցաւ:
Խաչակիրներ վեց նաւերով Եաֆա ցամաք ելան եւ գրաւեցին զայն: Այսպէսով Սուրբ Քաղաքը ամէն կողմէն պաշարուեցաւ:
Խաչակիրներ 8 յունիս 1099-ին ամէն կողմէն յարձակեցան Երուսաղէմի վրայ. իսլամները պարիսպներուն ետին կատաղօրէն սկսան պաշտպանել քաղաքը. խաչակիրներու ամբողջ բանակը` կռուողներ եւ հոգեւորականներ համախմբուեցան եւ վճռական յարձակումով մը Ձիթենեաց լերան ուղղութեամբ քալեցին քաղաքին վրայ:
Յուլիս 15-ին Կոտֆրուայի բանակին յառաջապահ մէկ խումբը յաջողեցաւ գրաւել պարիսպներուն վրայէն անցք մը, ուրկէ ներս խուժեց:
Քաղաքին իսլամ բնակիչները եւ հրեաները զանգուածաբար ջարդուեցան:
Խաչակիրներ իրենց հրամանատարը` Կոտֆրուա տը Պուիյոնը Երուսաղէմի թագաւոր ընտրեցին, իսկ Փիզայի Դագոբէրտ արքեպիսկոպոս Երուսաղէմի պատրիարք նշանակուեցաւ: Բայց Կոտֆրուա չուզեց թագ կրել. «Հոն ուր Փրկիչը փուշէ պսակ դրած է, չեմ կրնար արքայական թագ դնել գլխուս», ըսաւ: Ան Սուրբ Տեղեաց պաշտպան համեստ տիտղոսը ստացաւ:
Կոտֆրուա մահացաւ 17 յուլիս 1100-ին:
Անոր յաջորդեց եղբայրը` Պոտուէն, որ գահակալեց մինչեւ 1118: Այնուհետեւ գահը անցաւ ազնուական այլ տուներու ներկայացուցիչներու: Թրիփոլիի կոմսութիւնը հիմնուեցաւ 1102-ին, Թուլուզի կոմս Ռեմոն տը Սէն Ժիլի կողմէ, իսկ Թրիփոլի քաղաքը իսլամներէն գրաւուեցաւ 1109-ին:
Սալահէտտին Էյուպի 1187-ին գրաւեց Երուսաղէմը, որմէ ետք թագաւորութեան մայրաքաղաքը հաստատուեցաւ Աքրա (Սէնթ-Ժան-տ՛Աքրը): Աքրա 1291-ին գրաւուեցաւ մեմլուք զօրքերուն կողմէ:
Կոտֆրուա տը Պուիյոն Երուսաղէմի գրաւումէն ետք 1099-ին հիմնած էր Սուրբ Շիրիմի ասպետներու զինուորական միաբանութիւնը:
Անոնց զինուորական գլխաւոր յետակէտերը կեդրոնացած էին Եաֆայի, Աքրայի, Ձիթենեաց լերան, Բեթղեհէմի եւ Թափօր լերան վրայ: 1187-էն ետք անոնք կեդրոնացան Աքրայի մէջ, իսկ Աքրայի անկումէն ետք, 1291-ին, անոնք հեռացան Սուրբ Վայրերէն եւ Իտալիա փոխադրուելով Փերուճայի մէջ կեդրոնացան: Երուսաղէմի լատին պատրիարքութիւնն ալ 1291-ին ջնջուեցաւ եւ ֆրանչիսկեաններ մնացին Սուրբ Վայրերուն մէջ լատիններու իրաւունքներուն պահապանը:
Պիոս Թ. պապ 1847-ին վերահաստատեց Սուրբ Շիրիմի ասպետներու միաբանութիւնը եւ Երուսաղէմի լատին պատրիարքութիւնը:
Սուրբ Շիրիմի ասպետներու միաբանութեան նպատակն է ծառայել կաթողիկէ եկեղեցիին եւ Սուրբ Վայրերու քրիստոնեաներուն նեցուկ հանդիսանալ: Տարածուած է աշխարհի չորս ծագերուն եւ 54 տեղակալութիւններու բաժնուած է: Պահպանած են կրօնական յատուկ արարողութիւններ: Պաշտօնական լեզուն իտալերէնն է: Ունի 23 հազար անդամ, հոգեւորական եւ աշխարհական, արական եւ իգական, որոնք երեք դասակարգերու բաժնուած են: Պաշտօնական հանդիսութիւններու ընթացքին միջնադարեան զինուորական տարազ կը հագնին: Ունին իրենց մեծաւորը (2012-էն` կարտինալ Էտուին Օ՛Պրիէն), իսկ Երուսաղէմի լատին պատրիարքը միաբանութեան մեծ վանահայրն է: Սուրբ վայրերուն մէջ ունին եկեղեցիներ, դպրոցներ, անկելանոցներ, դարմանատուներ եւ բարեսիրական կեդրոններ:



