Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Աւանդական Ծաղկահաւաք Հայոց Ցեղասպանութեան
Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Յուշահամալիրին Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու  յիշատակին նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ 26 ապրիլին, ժամը 10:00-19:00, տեղի պիտի ունենայ արդէն աւանդական դարձած ծաղկահաւաքը: Այս մէկը արդէն չորրորդ անգամ ըլլալով կը կայանայ` Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին, «Վիվասէլ-Էմ. Թի. Էս.»-ին եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին միջեւ կայացած համագործակցութեամբ:

Նախաձեռնութեան մասնակցելու փափաք յայտնած են կամաւորներ, բազմաթիւ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, դպրոցականներ եւ ուսանողներ, որոնք նոր շունչ կը հաղորդեն եւ գործածութեան նոր ձեւեր կու տան 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր բերուած հազարաւոր ծաղիկներուն:

Նախքան 2010 թուականը` շուրջ 2 թոն ծաղիկներ հաւաքուած եւ հրկիզուած էին որպէս աղբ: Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը այս հարցին բնապահպանական լուծում ապահովելու նպատակով նախաձեռնեց ծաղկահաւաքի, որ այնուհետեւ կատարուեցաւ ամէն տարի:

Այս նախաձեռնութեամբ անմար կրակին մօտ բերուած ծաղիկները խնամքով կը հաւաքուին, թերթիկները կ՛առանձնացուին ցօղուններէն, որոնցմէ կը պատրաստուի պարարտախառնուրդ` յուշահամալիրի այգիներու մշակման համար, իսկ թերթիկները կ՛առանձնացուին եւ կ՛օգտագործուին թուղթի վերամշակման համար: Անոնք հետագային Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ կը գործածուին բացիկներու, հրաւիրատոմսերու եւ նամակներու պատրաստութեան նպատակով:

Այս առիթով «Վիվասէլ-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան յայտնած է, որ մարդիկ յարգանքի տուրք կը մատուցեն Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին` անմար կրակին մօտ ծաղիկներ զետեղելով: Քանի մը օր ետք ծաղիկները կը թօշնին. զանոնք արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու եւ զանոնք աղբանոցին մէջ չզետեղելու կամ չհրկիզելու նպատակով կայացած է այս նախաձեռնութիւնը: Ըստ անոր, այսպիսով ծաղիկները ամէն իմաստով կը ծառայեն պահանջատիրական աշխատանքներուն:

«Հայերէնն Իմ Սրտում Է» Համահայկական
Երիտասարդական
Համաժողովը

Ապրիլ 22-ին Հայաստանի կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ մեկնարկեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Հայերէնն իմ սրտում է» համահայկական երիտասարդական համաժողովը, որուն կը մասնակցին աշխարհի 30 երկիրներէ շուրջ 500 երիտասարդներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան` նշելով. «Այսօր տօն է հայրենիքում, աշխարհի տարբեր ծայրերից ժամանած հայ երիտասարդները հաւաքուել են քննարկելու համազգային կարեւորութեան խնդիրներ եւ փորձելու են նոր ուղիներ առաջարկել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման ու հետեւանքների վերացման, արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման, լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման խնդիրների լուծման գործում:  Հայերէնն է լինելու աշխարհի տարբեր ծայրերում հայի տեսակը պահպանելու մեր զէնքը»:

Ապա ան կարդաց Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Բակօ Սահակեանի ուղերձները` յղուած համաժողովի մասնակիցներուն, նաեւ` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը:

Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, որ ըսաւ. «Մեր ուժը մեր միասնութեան մէջ է. լեզուն է, որ մեզ միաւորելու է եւ մէկ բռունցք է դարձնելու հայութեանը, այն հայ ինքնութեան կարեւորագոյն առանցքն է: Մեր ազգի յուսալի ապագան եւ շարժիչ ուժը երիտասարդութիւնն է, եւ այս երիտասարդական համաժողովը Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմից իրականացուող համահայկական կարեւորագոյն ծրագրերից մէկն է»:

Վարչապետին համաձայն, տարածաշրջանին մէջ ամէնէն հզօր բանակը ունենալով` կարելի է երաշխաւորել մեր ազգի անվտանգութիւնը իր սեփական ռազմական ուժով, բայց եւ այնպէս ան անդրադարձաւ այս իմաստով այլ կարեւոր հանգամանքներու: «Հասկանալի է, որ սա ամենայուսալի երաշխիքն է մեր անվտանգութեան ապահովման տեսակէտից: Կարեւոր է նաեւ ժամանակակից աշխարհում ինքնութեան պահպանութեան արդիականութիւնը: Այսօր այս խնդիրը դարձել է ժամանակակից գիտութեան քննարկման ամենասուր քննարկման թեման, որովհետեւ օրէցօր աշխարհը փոքրանում է, մրցակցութեանը չեն դիմանում բազմաթիւ ազգեր, եւ հարց է ծագում, որն է այդ ինքնութեան պահպանման, յարատեւութեան գաղտնիքը: Այդ տեսակէտից հասկանալի է, որ 21-րդ դարը նոր խնդիրներ է դնելու մեր երիտասարդութեան առջեւ եւ այդ խնդիրների լուծման ամենայուսալի երաշխիքը գիտելիքն է», նշեց ան:

Համաժողովի մասնակիցներուն իր ուղերձը յղեց նաեւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի եւ Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանը.ելոյթներով հանդէս եկան` արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ս. Մանասարեանը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Մ. Մկրտչեանը, մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ա. Պօղոսեանը, Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի տեղակալ Ա. Քարամեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը, ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի ղեկավար Նաղառ Մարտիրոսեանը, «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեանը, ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վ. Կատուալեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Հայորդեաց տներ»-ու տնօրէն Կոմիտաս վրդ. Յովնանեանը: Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ համաժողովի մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդները:

Համաժողովին մասնակիցները միացան ջահերով երթին, ինչպէս նաեւ 24 ապրիլին այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ մասնակից դարձան տեղի ունեցած ծառատնկումին:

Երկօրեայ համաժողովին ընթացքին աշխարհի 30 երկիրներէ ժամանած շուրջ 500 երիտասարդներ դիտեցին «Համշէնը` անցեալի եւ ներկայի խաչմերուկներում« ժապաւէնը, այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ Վանաձոր, ինչպէս նաեւ տարբեր նիւթերով քննարկումեր կատարեցին:

Շարլ Ազնաւուրի Անուան Հրապարակին Վրայ
Բացուած
Է Փոխներգործող Ճատրակի Տախտակ

Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն,  Կենտրոն վարչական շրջան կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան այցելած է Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակ, ծանօթացած` այնտեղ ընթացող բարեկարգման եւ արտաքին ձեւաւորման աշխատանքներուն:

Տարօն Մարգարեանը Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Սմբատ Լպուտեանի հետ մասնակցած է նաեւ «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին կից տեղադրուած փոխներգործող ճատրակի տախտակի բացման արարողութեան:

Ընդգծելով մայրաքաղաքին մէջ նման նորամուծութիւններ կատարելու կարեւորութիւնը` Տարօն Մարգարեան շեշտած է, որ` «նման հետաքրքիր ու ինթերաքթիւ ձեւաւորումները կարեւոր են նաեւ դաստիարակչական առումով եւ ինքնատիպ խթան կը հանդիսանան ճատրակի նկատմամբ հետաքրքրութեան էլ աւելի բարձրացմանը»: Քաղաքապետը նաեւ նշած է, որ մայրաքաղաքի արտաքին տեսքի ձեւաւորման նման ամբողջացումները պիտի կրեն շարունակական բնոյթ եւ պիտի կատարուին վարչական բոլոր շրջաններուն մէջ:

Նշենք, որ ճատրակի տախտակը միայն զարդ չէ. փափաքողները կրնան բարձրանալ մօտ 30 քառ. մեթր մակերեսով խաղատախտակին վրայ ու տեղափոխելով խաղաքարերը` ճատրակ խաղալ:

Այս նորութիւնը հետաքրքրութիւն ստեղծած է երեւանցիներուն եւ մայրաքաղաքի հիւրերուն մօտ:

Յովհաննէս Շիրազի Ծննդեան Օրը ՀԳՄ–ի
Անդամներ
Այցելեցին Անոր Շիրիմին

Հայ մեծանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի ծննդեան օրուան առիթով Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամները եւ Երեւանի 169 դպրոցի անձնակազմը ծաղիկներ զետեղած են մեծանուն գրողին շիրմին վրայ: Այցելութեան ընթացքին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան նշած է, որ իւրաքանչիւր հայու պարտքն է յիշել եւ մեծարել հայրենասէր գրողը: «Շիրազը մեծ ներդրում է ունեցել հայ գրականութեան զարգացման գործում եւ կարծես ամփոփել է 20-րդ դարի հայ գրականութիւնը: Մեծանուն գրողը հայրենասիրական նոր շունչ բերեց գրականութեան: Նրա ոճը նոր էր ու բռնկուն, անսանձ նուիրում կար նրա ստեղծագործութիւններում», յայտնած է Անանեան:

Յովհաննէս Շիրազի անուան 169 դպրոցի տնօրէն Սուսաննա Մալոյեան իր կարգին դիտել տուած է, որ իւրաքանչիւր տարի կ՛այցելեն գրողին շիրմին: Դպրոցը կը պատրաստուի յառաջիկայ տարի նշել Շիրազի ծննդեան 100-ամեակը: «Յովհաննէս Շիրազի ծննդեան օրուան նուիրուած ձեռնարկներ անցկացւում են իւրաքանչիւր տարի: Սակայն 100-ամեակի տարելիցը ցանկանում ենք մեծ շուքով անցկացնել», նշած է Մալոյեանը:

Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ հայոց մեծերու պանթէոն այցելած աշակերտները ծաղիկներ զետեղած են մեծանուն գրողին շիրիմին վրայ եւ արտասանած են անոր բանաստեղծութիւններէն: Անոնք ոգեւորութեամբ ըսած են, որ ուրախ են մեծ բանաստեղծին անունը կրող դպրոցին մէջ կրթութիւն ստանալնուն համար:

Եաննի Երեւանեան Նուագահանդէսին
Անակնկալները
Հիացուցած Են Հանդիսատեսները

Ազգութեամբ  յոյն նշանաւոր երաժիշտ եւ երգահան Եաննի անգամ մը եւս Երեւանի մէջ հիացուցած է հայ հանդիսատեսը: 20-21 ապրիլին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ կայացած նուագահանդէսին ընթացքին Եաննի երկրորդ անգամ ըլլալով հայաստանեան ունկնդիրին ներկայացուցած է իր սիրուած կատարումները, որոնք չափազանց ջերմ ընդունելութեան արժանացած են: Նուագահանդէսին ընթացքին հանդիսատեսը բուռն ծափողջոյններով թնդացուցած է սրահը` բացագանչելով. «Շատ ենք սիրում Եաննիին», իսկ երաժիշտն ալ իր կարգին հաստատած է, որ կը սիրէ հայաստանցի հանդիսատեսը:

Կատարումներէն առաջ Եաննի անդրադարձած է տուեալ ստեղծագործութեան ստեղծման պատմութեան, որոշ դրուագներ պատմած է իր կեանքէն եւ ունեցած շրջագայութիւններէն: Այս երեւոյթը ինքնաբերաբար երկխօսութիւն ստեղծած է երաժիշտին եւ հանդիսատեսին միջեւ:

Նուագահանդէսին ընթացքին Եաննի մեկնաբանած է 21 ստեղծագործութիւններ, որոնց շարքին էին նաեւ հետեւեալ ստեղծագործութիւնները` «Սանաթորինի», «Թրութ աֆ թաչ», «Քիզ դու իմեճինէյշըն», «Ֆելիթսա», «Վուայաժ», «Տը էնտ աֆ օկըսթ», «Տը ռէյն մասթ ֆոլ», «Սելլօ սոլօ», ինչպէս նաեւ իր ամէնէն նշանաւոր ու սիրուած ստեղծագործութիւնը` «Ուան մենզ տրիմ»:

Նուագահանդէսներուն մասնակցած է նաեւ մեր հայրենակից, ջութակահար Սամուէլ Երուինեանը, որ նաեւ ջերմօրէն ընդունուած է հանդիսատեսին կողմէ: Ան անակնկալ պատրաստած էր եւ նուագահանդէսի ընթացքին կատարած է հայկական պարեղանակ` շալախօ:  Անակնկալները շատ էին. արդարեւ, նուագախումբի երաժիշտներէն մէկը (հարուածային գործիքներ) բեմ բարձրացած է հայկական ֆութպոլի համազգեստով:

Համերգի աւարտին Եաննի խոստացած է կրկին Հայաստան գալ եւ ըսած է Սամուէլ Երուինեանի կողմէ սորված` «Շնորհակալութիւն», «Ես կրկին Երեւանում եմ» արտայայտութիւնները:

Հանդիսութեամբ Բացուեցաւ Դիտաւան Համայնքին
Նորակառոյց
Դպրոցը

22 ապրիլին Տաւուշի մարզի Դիտաւան գիւղին մէջ կայացաւ նորակառոյց երկյարկանի դպրոցին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Դպրոցը կառուցուած ու կահաւորուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ` Հիմնադրամի «Բարերար անդամներ» Արմէն եւ Նատիա Էքսերճիեան ամուսիններուն հովանաւորութեամբ: Անոնց կողմէ հիմնադրամին նուիրաբերուած աւելի քան 300 միլիոն դրամին շնորհիւ` գիւղը այսօր ունի ըմպելի ջուր, կազ, համայնքային կեդրոն եւ դպրոց:

Բացման արարողութեան ներկայ էին` Հայաստանի փոխվարչապետի, Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարի պաշտօնակատար Արմէն Գէորգեանը, Տաւուշի մարզպետ Արմէն Ղուլարեանը, «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Եզնիկ արք. Պետրոսեանը, բարերար ընտանիքը` զաւակներուն եւ թոռներուն հետ: Դիտաւանցիները աղ ու հացով դիմաւորեցին հիւրերը: Կարմիր ժապաւէնը կտրելու պատիւը տրուեցաւ «Դիտաւանի պատուաւոր գիւղացիներ» կոչման արժանացած Էքսերճիեան ամուսիններուն:

«Տէր եւ տիկին Էքսերճիեանների շնորհիւ` Դիտաւանն այսօր զգալիօրէն բարւոք վիճակում է: Պահպանէք այն, ինչ ձեռք բերեցիք այս մեծահոգի ընտանիքի եւ նրանց առատաձեռն նուիրատուութիւնների շնորհիւ, իսկ մենք կ՛անենք հնարաւորը, որպէսզի թեթեւանան ձեր հոգսերը»,  ողջոյնի խօսքին մէջ նշած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը:

«Ո՞վ կը մտածէր, որ մի օր մեր գիւղ կ՛այցելեն Էքսերճիեան ամուսինները եւ այսքան կը փոխուի մեր կեանքը: Հպարտ ենք, որ նման մարդիկ են կանգնած մեր կողքին», իր երախտագիտութեան խօսքին մէջ յայտնած է դպրոցի տնօրէն Արմէն Հախվերդեանը: Համայնքին անունով շնորհակալական խօսք արտասանած է նաեւ համայնքի նախկին ղեկավար Յակոբ Սարիբեկեանը, որ բարերար ընտանիքին նուիրեց իր տնամերձ հողատարածքը:

Շուրջ 300 բնակիչ ունեցող համայնքը ունի 30 դպրոցահասակ երեխայ:

Share this Article
CATEGORIES