ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ՃԻԳԵՐԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլը, որ մեկնումի պահուն յայտնեց, որ ինք վարչապետին հետ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները չէ քննարկած:
Ան նկատել տուաւ, որ իր այցելութիւնը գործուղում չէ, այլ` անձնական այցելութիւն մը:
Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք Միքաթիի հետ անձնական կապեր ունի` աւելցնելով, որ Միքաթի դժուար պայմաններու մէջ յանձնառու մնացած է իր պատասխանատուութիւններուն:
Ժեմայէլ նկատել տուաւ, որ ինք կը զօրակցի ազգային փրկութեան կառավարութեան կազմութեան գաղափարին` աւելցնելով, որ միագոյն կառավարութեան փորձառութիւնը ձախող դուրս եկած է:
Ան մաղթեց, որ Միքաթին վարչապետ նշանակող կողմերը գործակցին անոր հետ, որովհետեւ ըստ երեւոյթին, այդ ուժերուն մէջ յեղաշրջում մը արձանագրուած է:
Միւս կողմէ, սակայն, պէտք է նշել, որ վարչապետ Միքաթի կը շարունակէ կառավարութեան կազմութեան իր ջանքերը:
Այս ծիրին մէջ վարչապետը նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլի հետ:
Յայտնենք, որ հանդիպումէն բացակայեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլ: