«ՖԱՐԻՏ ՏԱՔՔԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԸ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ԼԷԱ ԱՔՈՒՐԻՆ

Ֆարիտ Տաքքանի անուան ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու կեդրոնը պարգեւատրեց նահատակ գնդ. Սուպհի Աքուրիի անուան հաստատութեան նախագահ Լէա Աքուրին, գնահատելով անոր ջանքերը` իր ամուսնոյն` նահատակ գնդապետին յիշատակին նուիրուած եւ անոր անունը կրող պարտէզի մը բացման առիթով:

Նշենք, որ գնդ. Սուպհի Աքուրի նահատակուած է 2007-ին` պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանին մէջ բանակին եւ Ֆաթհ Իսլամ ահաբեկչական ցանցին միջեւ բռնկած արիւնալի բախումներուն ընթացքին:

Լիա Աքուրիի պարգեւատրման նպատակն է գնահատել հայրենիքին ապահովութեան, գերիշխանութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ճամբուն վրայ զոհուած բանակայիններուն նահատակութեան արժէքը բարձր պահելու եւ անոնց յիշատակը յաւերժացնելու Աքուրիի նախաձեռնութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES