ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՊԵՆԶԻՆԻ թիթեղին սակը 100 լ. ոսկիի նուազում արձանագրած է, կանաչ մազութը` 700 լ. ոսկիի նուազում, իսկ կարմիր մազութը` 800 լ. ոսկիի նուազում:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ահմետ Պըտիաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհին եւ յատկապէս Եգիպտոսի մէջ տիրող կացութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Ռապիէի եւ Վերտանի միջեւ հաղորդակցութիւններ չկան:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ աղբիւրներ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնած են, որ Լիբանանի մէջ առեւանգուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները կը գտնուին Դամասկոսի մէջ:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը արտաքնապէս չէզոք կ՛երեւայ, սակայն ան խորապէս կը միջամտէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն` զօրակցելով եւ նպաստելով Սուրիոյ մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն:

ԹԱԼՔԱԼԱԽԻ բնակիչները սուրիական «Սաուրա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Մուսթաքպալ հոսանքի զինեալներ իրենց գիւղաքաղաքը ներխուժած են եւ իրենց բնակարանները ռմբակոծած, ու յայտարարած, որ սուրիական բանակն էր գիւղաքաղաքին վրայ յարձակողը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ պատասխանատուներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի տակաւին կը վայելէ կուսակցութեան վստահութիւնը:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ գործավար նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Իսրայէլ օր մը օրանց յանձնառու չէ եղած իր ստորագրած համաձայնագիրներուն կամ միջազգային բանաձեւերուն նկատմամբ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ չէ, իսկ վարչապետ Միքաթի կանաչ լոյսի մը կը սպասէ, յատկապէս Սուրիայէն:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Խալիժ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ եւ Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ Իսրայէլի գործած սպանդին մասին Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը նախատեսուած սովորական տեսակէտ մըն է:

ԸՍՏ «Հայաթ» օրաթերթին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ Փարիզի մէջ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ Ֆրանսա նախանձախնդիր է Լիբանանի կայունութեան նկատմամբ:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթ. «Լիբանանի խորհրդարանը կը ջանայ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի նախագահութեան նստաշրջանը եօթը տարիով երկարաձգել»:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ եւ հարաւի ազատագրութեան տօնին առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յառաջիկայ չորեքշաբթի, 25 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, խօսք մը պիտի արտասանէ Նապի Շիթ գիւղաքաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկին ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES