ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ՆԱԽԱԳԻԾԸ ԿԵԱՆՔԻ ԿԸ ԿՈՉԵՆ

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ «Տոքուզ Էյլիւլ» համալսարանի կառավարման կաճառի տնօրէն դոկտ. Ճէյհան Ալտեմիր յայտնած է, որ Երեւանի պետական համալսարանը, Ֆլորիտայի համալսարանը եւ Թուրքիոյ «Տոքուզ Էյլիւլ» համալսարանը կեանքի կը կոչեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի կողմէ առաջարկուած «զբօսաշրջութեան» նախագիծը:

Ըստ Ալտեմիրի, Քլինթընի կողմէ առաջարկուած այդ ծրագիրին նպատակներէն են` զբօսաշրջութեան միացեալ մեքանիզմներու մշակումն ու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ջերմացումը:

«Համալսարանական պատուիրակութիւններու միջեւ առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, երկրորդը` մեր մօտ, իսկ երրորդ հանդիպումը արդէն տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ զբօսաշրջութեան զարգացման ձգտող ծրագիրը երեք տարի պիտի շարունակուի: Յոյսով ենք, որ յառաջիկային պիտի ընդգրկուին նաեւ ուսանողներ», ըսած է թուրք դասախօսը: Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, ծրագիրը կը հովանաւորուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES