«ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Եժի Պուզեքը:

Նախագահը նշեց, որ եւրոպական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ պարբերական հանդիպումները եւ աշխուժ երկխօսութիւնը դրական լիցքեր կը հաղորդեն Հայաստանի եւրոպական համարկման քաղաքականութեան: Ըստ նախագահին, Հայաստանի յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ վերջին տարիներուն կը զարգանան եւ համագործակցութեան մարզերը կը ներառեն ոչ միայն արտաքին քաղաքականութիւնը կամ առեւտրական- տնտեսական յարաբերութիւնները, այլ նաեւ Հայաստանի ներքին բարեփոխումները, որոնք ուղղուած են մարդոց բարեկեցութեան ապահովման:

Ս. Սարգսեան վստահեցուց, որ Հայաստան պատրաստ է եւրոպական փորձի հիման վրայ եւ Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ շարունակելու բարեփոխումներու ուղին:

Ըստ Պուզեքի, Եւրոպայի մէջ կը հաւատան Հայաստանի բարեփոխումներու յաջողութեան, որ լաւ օրինակ կրնայ դառնալ այդ ճամբան ընտրած այլ երկիրներու համար:

Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրին սկիզբով երկկողմանի կապերը որակական նոր մակարդակի վրայ դրուած են եւ լաւ կարելիութիւններ ստեղծուած են նաեւ գործընկեր պետութիւններուն հետ համագործակցութեան համար: «Կը կարծեմ, որ մենք պէտք է փորձենք զուգահեռ ամրապնդել միջխորհրդարանական եւ միջկուսակցական կապերը: Չափազանց կարեւոր կը նկատենք Եւրոպական խորհրդարանին` իբրեւ համաեւրոպական հոլովոյթներուն վրայ ազդող հեղինակաւոր կազմակերպութեան հետ մեր յարաբերութիւնները եւ համագործակցութիւնը», յայտնեց Հայաստանի նախագահը:

Ան նաեւ ողջունեց Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն եւ Եւրոպական Միութեան արեւելեան դրացիներուն միջեւ համագործակցութեան խորհրդարանական հիմքի` ԵՒՐԱՆԵՍԹ-ի հիմնումը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութիւնը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթ ուղղութիւններէն մէկն է:

Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը բնական նկատեց այդ ընտրութիւնը` նշելով, որ Հայաստանի պատմութիւնը մշտապէս կապուած եղած է Եւրոպայի հետ: «Դուք միշտ եղած էք Եւրոպայի մաս` ձեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին», նշեց Պուզեք:

ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի նախագահը երէկ ընդունեց Հունգարիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Լասլօ Քիովերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ան նշեց, որ երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը դարերու պատմութիւն ունի, եւ Հայաստան շահագրգիռ է Հունգարիոյ հետ իր յարաբերութիւնները զարգացնելու: Ան կարեւոր նկատեց երկու երկիրներու գործարարներուն միջեւ աշխուժ յարաբերութեանց օժանդակելը` տարբեր մակարդակի այցելութիւններուն ժամանակ զանոնք եւս ընդգրկելով պատուիրակութիւններու կազմին մէջ:

Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Հունգարիոյ կողմէ հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուող ուշադրութեան եւ բարեացակամ վերաբերմունքին համար` ընդգծելով, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ հայ համայնքը կրնայ զգալի դերակատարութիւն ունենալ:

Հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ Եւրոպական Միութեան ներկայիս նախագահող Հունգարիոյ հետ Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ եւս համագործակցութեան ընդլայնումը:

Հունգարիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Լասլօ Քիովեր իր երկրին անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու Հայաստանի եւրոպական համարկման ջանքերուն` ներկայացնելով այդ մարզին մէջ Հունգարիոյ շուրջ քսան տարուան փորձը:

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ շրջանային խնդիրներուն` կարեւոր նկատելով շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը: Լասլօ Քիովեր նշեց, որ Հունգարիա կարեւոր կը նկատէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը:

Share this Article
CATEGORIES