ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՈՐՈՇԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ՔՆՆԱՐԿԵԼ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋ

Հայ դատի Երուսաղէմի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ երէկ, Իսրայէլի խորհրդարանը (Քնեսեթ) քննարկեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը խորհրդարանի կրթութեան յանձնախումբին փոխանցելու Մերեց կուսակցութեան (երեսփոխան Զահաւա Քալ-Օն) առաջարկը: Նիստին մասնակից 20 երեսփոխանները, ներառեալ` կառավարութեան ներկայացուցիչները, միաձայնութեամբ որոշած են հարցը փոխանցել կրթութեան յանձնախումբին: ՀՅԴ Հայ դատի Երուսաղէմի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Սեւան յայտնեց, որ խորհրդարանի այս որոշումը դրական տեղաշարժ է: Յանձնախումբին կողմէ քննարկումը տեղի պիտի ունենայ բաց նիստի ընթացքին, որուն ներկայ ըլլալու պիտի հրաւիրուին նաեւ հայեր:

Ծանօթ է, որ անցեալին խորհրդարանը որոշած էր քննարկել հարցը եւ քննարկումը յանձնած էր պաշտպանութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին: Այս յանձնախումբը իր նիստերը կը գումարէ դռնփակ, եւ մտահոգութիւնը այն էր, որ այդ պայմաններուն մէջ քննարկուելով, խորհրդարանին կողմէ ճանաչման հարցին վերաբերեալ բացասական կարծիք կրնայ յայտնել յանձնախումբը:

Աւելի քան կէս ժամ տեւած երէկուան քննարկումին մասնակցած են տարբեր կուսակցութիւններու երեսփոխաններ: Արտաքին գործոց նախարարութեան տեսակէտը փոխանցեր է կրօնից նախարարը` Եաակով Մարքի` յայտնելով, որ արտաքին գործոց նախարարութեան տեսակէտով` հարցը պէտք է պահել պաշտպանութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ եւ Իսրայէլ պէտք է աջակցի Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան: Միաժամանակ, նախարարը յայտներ է իր անձնական տեսակէտը, թէ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր եւ ժամանակն է այս հարցին մասին յստակ որոշում տալու եւ այդ նպատակով ալ հարցը պէտք է փոխանցել կրթութեան յանձնախումբին:

Ելոյթ ունեցած է նաեւ վարչապետին կուսակցութեան` Լիքուտի խմբակցութեան ղեկավար Զէեւ Էլկին, որ կողմ արտայայտուած է հարցը կրթութեան յանձնախումբին փոխանցելու առաջարկին:

Բոլոր խօսողները, ներառեալ` խորհրդարանի նախագահ Ռէօվըն Ռիվլինը, կողմ արտայայտուած են առաջարկին: Անոնք շեշտած են, որ Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները պէտք չէ պատճառ դառնան, որ Իսրայէլ պատմական իրականութիւնը չճանչնայ: Յատկանշական եղած է խորհրդարանի նախագահին ելոյթը:

Խորհրդարանի նիստին ներկայ եղած են Հայ դատի Երուսաղէմի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Յակոբ Սեւան, Ժորժեթ Աւագեան, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ցոլակ Մոմճեան, Երուսաղէմի պատրիարքարանի եւ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Հայ դատի Երուսաղէմի յանձնախումբը կը յայտարարէ, որ այժմ աւելի լաւատեսութեամբ պիտի շարունակէ իր աշխատանքները այս ուղղութեամբ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES