«ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ՇՐՋԱՆՑՈՒԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՍԱՏ

Նախագահ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարեց, որ սուրիական տագնապը «շրջանցուած է»` հաստատելով, որ «ապահովական կարգ մը սխալ վարուելակերպեր» արձանագրուած են:

Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ասատ Դամասկոսի ականաւոր դէմքերուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ ապահովական այդ կարգ մը սխալ վարուելակերպերը արձանագրուած են, որովհետեւ ապահովական մարմինները չեն գիտցած այսպիսի կացութիւններու հետ ինչպէս վարուիլ:

Ասատ ցուցմունք տուած է, որ ապահովութեան դերակատարութիւնը տեղեկահաւաքն է, հաւաքուած տեղեկութիւններու վերլուծումն ու զանոնք հսկիչ կողմերուն փոխանցելը:

Միւս կողմէ, թուրք պաշտօնատար մը թրքական «Զաման» օրաթերթին յայտնեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէի միջեւ հանդիպումին ընթացքին Էրտողան զգուշացուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է շատ զգուշ ըլլան Ասատը թիրախ դարձնելէ, որովհետեւ ներկայիս վերջինիս այլընտրանք գոյութիւն չունի:

Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Զաման»ին յայտնած են, որ հանդիպումին գլխաւոր նիւթը Սուրիան եղած է, սակայն նաեւ շրջանային զարգացումները քննարկուած են: Ամերիկացի դեսպանը Էրտողանին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն պատգամներ փոխանցած է, իսկ Էրտողան իր կարգին Օպամային պատգամներ ուղարկած է:

Նշենք, որ Սպիտակ տան բանբերը երեքշաբթի օր յայտնած էր, որ իր ընթացքը փոխելու եւ ժողովուրդին պահանջներուն ընդառաջելու համար Սուրիոյ կառավարութեան առջեւ գտնուող առիթը կը նուազի: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմը մարդկային իրաւանց խախտումներու ամբաստանութեանց հիմամբ Ասատի դէմ պատժամիջոցներ պիտի հաստատէ:

 

Share this Article
CATEGORIES