ՔՈՒԷՅԹԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. ՍԻՒՆՆԻ ԵՒ ՇԻԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄ
Քուէյթցի սիւննի եւ շիի երեսփոխաններ երէկ խորհրդարանին մէջ Կուանթանամոյի բանտի ձերբակալեալներու հարցի քննարկման ընթացքին բախում մը ունեցան:
Ըստ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան, խորհրդարանը Կուանթանամոյի արգելափակման ճամբարին մէջ արգելափակուած քուէյթցիներու հարցը կը քննարկէր այդ արգելափակեալներու պաշտպան ամերիկացի փաստաբաններու ներկայութեան, երբ շիի երեսփոխան Հիւսէյն Քալաֆ յայտարարած է, որ այդ ճամբարին մէջ գտնուողները «Քայիտայի շրջանաւարտներէն են»:
Իսլամ եղբայրներէն երեսփոխան Ժամղան Հարիշ հակադարձած է` յայտնելով, որ քննարկուող հարցը Կուանթանամոյի մէջ արգելափակեալներու հարցն է եւ ոչ թէ «քու ակնարկած հարցդ»: Այլ երեսփոխաններ եւս միջամտած են եւ հարցը զարգանալով ստեղծուած է իրարանցում մը, որուն ընթացքին սիւննի եւ շիի երեսփոխաններ իրարու բռունցքի եւ գլխու հարուածներ տուած են:
Խորհրդարանի նախագահ Ապտալլա Ռումի նիստը փակած է, սակայն երեսփոխանները սրահէն դուրս եւս շարունակած են իրենց կռիւը: