Մարզական Կարճ Լուրեր
Հաւելանժ Հրաժարեցաւ
Աւելի քան երկու տասնամեակ ՖԻՖԱ-ի նախագահութիւնը վարելէ ետք, պատուոյ նախագահ Ժոան Հաւելանժ ներկայացուց իր հրաժարականը: Հաւելանժ կ՛ամբաստանուի կաշառք ստանալու յանցանքով: Ներկայիս հետաքննութիւն մը բացուած է անոր դէմ: ՖԻՖԱ-ի գործող նախագահ Սեփ Պլաթըր ոչ մէկ մեկնաբանութիւն կատարեց Հաւելանժի հրաժարականին մասին:
Ֆերկըսըն Կը Խօսի Ամառնային
Ծրագիրներուն Մասին
Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Սըր Ալեքս Ֆերկըսըն արդէն իսկ սկսած է յառաջիկայ տարուան նախապատրաստութիւններուն: Անոր կարծիքով, Եունայթըտի այժմու կազմը ախոյեանութեան տիտղոսին համար լուրջ մրցակից մը կրնայ դառնալ յառաջիկայ հինգ տարիներուն: Ան յայտնեց, որ մեծ ակնկալութիւններ ունի պելճիքացի երիտասարդ Ատնան Ճանուզաճէն: Եունայթըտին 13 անգամ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսը շնորհած Ֆերկըսըն խոստացաւ երկու նոր դէմքերով համալրել իր կազմը:
Ասթոն Վիլա – Սանտըրլանտ` 6-1
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 35-րդ հանգրուանին գծով մրցումի մը ընթացքին Ասթոն Վիլա սեփական դաշտին մէջ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սանտըրլանտը (կիսախաղ` 2-1): Արդարեւ, Վիլա Փարքի մէջ տեղի ունեցած այս կարեւոր մրցումին, Վիլայի կոլերը նշանակեցին Ռոն Վիլար, Անտրէաս Ուայման, Քրիսթիան Պենթեքէ (3) եւ Կապրիէլ Ակպոնլահոր: Տենի Ռոզ նշանակեց Սանտըրլանտի կոլը: Մրցումին կը հետեւէին 37,428 մարզասէրներ:
Այսօր` Պարսելոնա – Պայերն Միւնիխ
Այսօր երեկոյեան, Պարսելոնայի «Նու Քամփ» մարզադաշտին մէջ Եւրոպայի ախոյեանութեան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումներուն գծով, Պարսելոնա պիտի մրցի Պայերն Միւնիխի դէմ: Երթի հանդիպումին սպանացիները 4-0 արդիւնքով ջախջախիչ պարտութիւն մը կրած էին Պայերնէն: Մրցումը պիտի սկսի Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 21:45-ին: