Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Հասաւ Աւարտական Հանգրուան

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ Պէյրութ թէեւ իր կատարած առաջին մրցումին 76-72 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թըպնինէն, սակայն ապահովեց աւարտական հանգրուանի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ Թըպնին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ կը քաշուի մրցաշարքէն:

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ուղարկած իր նամակին մէջ Թըպնին նշեց, որ ի մտի ունենալով Լիբանանի պասքեթպոլի շահերը, կը կատարէ այս քայլը, որովհետեւ ի վիճակի չէ Ա. դասակարգին մէջ պահել իր խումբը, որովհետեւ արդէն իսկ ատոր չի ձգտիր:

Աւարտականին ՀՄԸՄ իր դէմ պիտի ունենայ Թատամոն – Քահրապա մրցումին յաղթականը: Նշենք, որ այժմ Թատամոն 1-0 արդիւնքով կը յառաջանայ:

 

Share this Article
CATEGORIES