Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Աղջկանց Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց ախոյեան ՀՄԸՄ Պէյրութ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, երբ Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի իր կատարած մրցումին 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անդրանիկ Պէյրութը:

ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները, որոնք 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Շապապ Ֆաուարը, գրաւեցին խմբակին պարագլուխի դիրքը, աւարտականին պիտի մրցին Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի դէմ:

Նշենք, որ հինգշաբթի, 2 մայիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-էն սկսեալ կը սկսին Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )