Եըլտըրըմ` ՔԱԿ-ի Հետ Նոր Հոլովոյթին Մասին. «Այո՛, Սակարկութիւն Ըրինք, Սակայն»

Պինալի Եըլտըրըմ

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հաղորդակցութեան նախարար Պինալի Եըլտըրըմ Իզմիրի մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին անդրադարձած է քրտական հարցին մէջ ստեղծուած նոր հոլովոյթին եւ պատասխանելով այն պնդումներուն, թէ կառավարութիւնը ՔԱԿ-ի հետ գաղտնի սակարկութիւն մը ըրած է, յայտնեց. «Այո՛, ճիշդ է, սակարկութիւն մը ըրած ենք, սակայն ասիկա «մէկ պետութիւն, մէկ ազգ, մէկ դրօշակ, մէկ հայրենիք»-ի սակարկութիւն էր: Ասկէ տարբեր սակարկութիւն մը չունինք»:

Պինալի ըսած է. «Ոչ ոք պէտք է շահագործէ այս ժամանակաշրջանը: Ասիկա շատ կարեւոր հանգրուան մըն է: Ասիկա մեր միութեան եւ մեր եղբայրակցութեան մասին շատ կարեւոր զարգացում մըն է: Այս հոլովոյթը պէտք է արժեւորել քաղաքական ամէն մերձեցումէ: Եւ ամէն մարդ պէտք է բերէ իր նպաստը: Մինչեւ այսօր ահաբեկչութեան դէմ պայքարին պատճառով կորսնցուցինք 400 միլիառ տոլար: Մինչդեռ այս դրամով կրնայինք 400  հատ Պողազիչիի կամուրջ կառուցել: Յուսանք, որ ասկէ վերջ մեր դրամները միայն օգտակար ձեռնարկներու համար գործածենք»:

Նախարարը աւելցուցած է, որ «կարելի է հասկնալ նահատակներու ընտանիքներուն տառապանքը այս նոր հոլովոյթին դիմաց, ասիկա մարդկային է: Սակայն քաղաքագէտները պէտք չէ տարուին նմանօրինակ զգացական մօտեցումներէ: Կը սպասենք, որ քաղաքագէտները աւելի հաւասարակշռեալ մօտեցում ցոյց տան այս հարցին»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հերքեց, որ իր կառավարութիւնը ՔԱԿ-ի հետ գաղտնի համաձայնութիւն մը կամ սակարկութիւն մը կատարած է` յայտնելով, որ «բանակցութիւններ, փոխզիջումներ, բանակցութիւններ, այս բոլորը բացառած են»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )