Դատարանը Էւօ Մորալեսին Արտօնած Է 3-րդ Անգամ Դառնալ Պոլիվիոյ Նախագահ

Էւօ Մորալես

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլիվիոյ սահմանադրական դատարանը հաստատած է, որ երկրի նախագահ Էւօ Մորալես կրնայ երրորդ անգամ իր թեկնածութիւնը առաջադրել պետութեան ղեկավարի պաշտօնին համար, հակառակ անոր որ երկրի մայր օրէնքը կ՛արգիլէ նոյն մարդուն երկու անգամէն աւելի անընդմէջ ստանձնել երկրի ղեկավարի պաշտօնը:

Մորալես առաջին անգամ ընտրուած է 2005-ին: Չորս տարի ետք Պոլիվիոյ մէջ կ՛որդեգրուի նոր սահմանադրութիւն եւ տեղի կ՛ունենան նախագահական ընտրութիւններ, որոնց մէջ դարձեալ յաղթանակ կ՛արձանագրէ Մորալես:

Դատարանին կարծիքով, նախագահական երկու ժամկէտներու մասին որոշումը չի տարածուիր Մորալեսի առաջին նախագահական ժամկէտին վրայ, որովհետեւ օրէնքի որդեգրման ժամանակ ան ունէր այդ պաշտօնը: Ըստ դատարանի որոշման, Մորալեսի ընթացիկ նախագահական նստաշրջանը պաշտօնապէս անոր առաջինն է, ինչ որ անոր յաւելեալ նախագահական ժամկէտի իրաւունք կու տայ:

Դատարանի որոշումը արդէն ենթարկուած է խիստ քննադատութեան ընդդիմութեան կողմէ, որ կատարուածը նկատած է յաւելեալ ապացոյց այն բանի մասին, որ Պոլիվիոյ դատական համակարգը կ՛ենթարկուի նախագահին:

Յաջորդ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբեր 2014-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )