ՔԱԿ-ի Մէկ Բանբերը Կը Մաղթէ, Որ Եգիպտոս Էրտողանի Կուսակցութեան Օրինակը Չընդօրինակէ

Ահմետ Տենիզ

ՔԱԿ-ի բանբեր Ահմետ Տենիզ ցաւ յայտնեց, որ Եգիպտոսի իշխող վարչակարգը կը փափաքի թրքական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան օրինակը ընդօրինակել` նշելով, որ «Եգիպտոս աւանդութիւն եւ հազարաւոր տարուան քաղաքակրթութիւն ունեցող պետութիւն է, աշխարհին քաղաքակրթական եւ մշակութային բնորդներ տուած է եւ կրնայ արտադրել բնորդներ, զորս ուրիշներ կապկելու նախանձախնդիր են, որովհետեւ Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ միջեւ մեծ տարբերութիւն կայ»:

Ան ըսաւ, որ Եգիպտոս ներկայիս կը տառապի մտաւորական եւ գաղափարաբանական ճահճացումէ մը, որ իր հասարակութեան վրայ կը տիրէ, ինչ որ պատճառ դարձած է Թուրքիոյ մէջ էրտողանական փորձառութիւնը կապկելու ուղղութեան որդեգրման, հակառակ անոր որ այդ բնորդը չի յարմարիր Եգիպտոսի:

Ան յայտնեց, որ ինք մեծ յոյս ունի, որ Եգիպտոս կը վերադառնայ իր յառաջատար դիրքին եւ կը վարէ իր բնական դերակատարութիւնը, որ շրջանին մէջ անոր պատմութեան, քաղաքակրթութեան եւ արժէչափերուն կը համապատասխանէ:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցի խաղաղ լուծման հոլովոյթին, Տենիզ յայտնեց, որ ՔԱԿ խաղաղութեան մեծ փափաք ունի եւ իր ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի ճամբով թրքական կառավարութեան ներկայացուցած է խաղաղութեան նոր նախաձեռնութիւն մը` երաշխաւորելու համար, որ տարբեր ազգութիւնները թրքական պետութեան մէջ յարատեւ համերաշխութեամբ եւ խաղաղութեամբ ապրին:

Share this Article
CATEGORIES