ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԸ ՋՆՋՈՒԵՑԱՒ

Երէկ ուշ գիշերին ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդներու սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը որոշեց առկախել այսօր տեղի ունենալիք գործադուլը` ընդունելէ ետք ելեւմուտքի նախարար Ռայա Հասանի առաջարկը` հանրային փոխադրութեան մարզի եւ փոխադրակառքերու վարորդներուն ամսական օժանդակելու 12,5 տակառ պենզինով` 3 ամսուան համար: Այս ժամանակամիջոցը վերանորոգելի է:

Մինչ այդ, ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդներու սենտիքաներուն համադաշնակցութիւնը երէկ աւելի կանուխ յայտարարեց, որ այսօր գործադուլ պիտի կատարուի ամբողջ Լիբանանի տարածքին` վառելանիւթի սակերուն բարձրացման եւ ընդհանուր սղաճին դէմ իբրեւ բողոք:

Ցամաքային փոխադրութեան մարզի վարորդներու սենտիքայի նախագահ Պասսամ Թլէյս նշեց, որ սենտիքաներն ու Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը պատրաստ են խաղաղ եւ ժողովրդավարական կերպով կատարելու այդ գործադուլը:

Ան կոչ ուղղեց տարբեր շրջաններու սենտիքաներուն` այդ շրջաններուն ապահովական պատասխանատուներուն հետ համադրելու իրենց կատարելիք ցոյցերը, որպէսզի կարենան պահպանել երկրին անվտանգութիւնը:

Իր կարգին, ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդներու սենտիքաներուն համադաշնակցութեան նախագահ Ապտել Էմիր Նաժտէ շեշտեց, որ այսօրուան գործադուլին կը միանան փոխադրութեան մարզի բոլոր սենտիքաները, երեք համադաշնակցութիւններ եւ 23 այլ մարզերու սենտիքաներ, որոնք կոչ կ՛ուղղեն վառելանիւթի` հիմնականին մէջ պենզինի եւ մազութի թիթեղի սակը հաստատ պահելու եւ վերջ տալու երկրին մէջ տիրող մնայուն սղաճին:

Նաժտէ ընդգծեց, որ այս գործադուլը նախաքայլը պիտի ըլլայ այլ գործադուլներու, եթէ վարորդներուն պահանջները անտեսուին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES