ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԾՈՎԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳԾՈՒՄԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Ծովային սահմանագծումի հարցերուն վերաբերող նիստը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ վառելանիւթի պատասխանատու մարմիններուն հետ շարունակեց քննարկել վառելանիւթի սակերուն բարձրացման հարցն ու անոր յարմար լուծումները` լիբանանցի քաղաքացիներուն բեռը թեթեւցնելու նպատակով:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին զօր. Ապտել Ռահման Շհայթլի ներկայացուց Լիբանանի ծովային սահմանագծումին առումով գետնի վրայ եւ օրինական շրջագիծին մէջ տարուած աշխատանքները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ ընկերային հարցերու գործավար նախարար Սելիմ Սայեղ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները եւ այս հանգրուանին նախարարութեան աշխատանքները:

Share this Article
CATEGORIES